image

Պաշտպանութեան փոխ նախարար՝ Գաբրիէլ Բալայեանը ինքնամեկուսացուած է

Պաշտպանութեան փոխ նախարար՝ Գաբրիէլ Բալայեանը ինքնամեկուսացուած է

ՀՀ պաշտպանութեան փոխ նախարար՝ Գաբրիէլ Բալայեանը վարակակիրի մը հետ շփուելու  պատճառով մեկուսացած է, սակայն օրեր առաջ յանձնած քննութեան պատասխանը եղած է բացասական: «Արմէնփրես»-ի հարցին ի պատասխան՝ այս մասին ըսած է Պաշտպանութեան Նախարարութեան խօսնակ՝ Շուշան Ստեփանեան:

«Գաբրիէլ Բալայեանը շփում ունեցած է վարակակիրի հետ եւ այդ պատճառով մեկուսացած է, ախտանիշներ չունի, ինքնազգացողութիւնը լաւ է եւ կը շարունակէ հեռավար կապի միջոցով իրականացնել իր գործառոյթներու զգալի մասը»,-յայտնած է Ստեփանեան:

Խօսնակը նաեւ տեղեկացուցած է, որ հաշուի առնելով Զինուած Ուժերու (ԶՈՒ) բոլոր օղակներու անձնակազմին հետ ՊՆ ղեկավարութեան մշտական անմիջական շփումը, եւ ելլելով ԶՈւ անձնակազմի առողջապահական անվտանգութեան պահպանումէն, ռազմաբժշկական ընթացակարգերով սահմանուած չափորոշիչներով որոշակի պարբերականութեամբ, Պաշտպանութեան Նախարարութեան եւ Զինուած Ուժերու ղեկավար կազմը կը հետազօտուի, Պալայեան օրեր առաջ հետազօտուած էր եւ պատասխանը բացասական էր: