Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան 4 յունուարին ստորագրած է շարք մը հրամանագիրներ: Անոնցմէ մէկուն համաձայն՝ Մասիս Մայիլեան ազատուած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնէն, իսկ մէկ այլ հրամանագիրով Դաւիթ Բաբայեան նշանակուած է նոյն պաշտօնին, ազատուելով ԱՀ նախագահի խորհրդականի պաշտօնէն:
Ստորագրուած մէկ այլ հրամանագիրով՝ Վահրամ Բաղդասարեան ազատուած է Արցախի Հանրապետութեան ֆինանսներու նախարարի պաշտօնէն, այլ աշխատանքի անցնելու կապակցութեամբ, իսկ Կրիկորի Մարտիրոսեան նշանակուած է ԱՀ ֆինանսներու նախարար՝ ազատուելով պետական նախարարի պաշտօնէն: