image

Փաշինեան՝ ինքնամեկուսացուած. Պատճառը համաճարակն է

Փաշինեան՝ ինքնամեկուսացուած. Պատճառը  համաճարակն է

 

Նիկոլ Փաշինեանի մամուլի քարտուղար Մանէ Գէորգեանը մեկնաբանած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բացակայութիւնը Երեւանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ Աստուածայայտնութեան եւ Սուրբ ծննդեան տօնի Սորբ պատարագէն։

 

Մանէ Գէորգեանը, պատասխանելով «Արմէնբրես»-ի հարցին, նշած է. «Համաճարակային իրավիճակով պայմանաւորուած վարչապետը ինքնամեկուսացած է»:

Նշենք, որ Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնի պատարագին պաշտօնեաներէն ու պետական այրերէն ներկայ եղած են միայն ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանն ու «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանը: Նիկոլ Փաշինեանը ներկայ չէ եղած:

Աւելի վաղ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մօտ քաղաքացիներ հաւաքուած էին, որոնք նախապէս յայտարարած էին, որ թոյլ պիտի չտան Նիկոլ Փաշինեանին վաղը մուտք գործել Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի: