image

Պաշշար Ժաաֆարի Կը Մեղադրէ Էրտողանը Օսմանեան Բռնատիրութեան Վերադառնալու Ճիգին Մէջ

Պաշշար Ժաաֆարի  Կը Մեղադրէ  Էրտողանը   Օսմանեան Բռնատիրութեան Վերադառնալու Ճիգին  Մէջ

 ՄԱԿ-ի  մօտ Սուրիոյ  մշտական ներկայացուցիչը ծանր  մեղադրանքներ հնչեցուցած է  Թուրքիոյ կառավարութեան  եւ նախագահին հասցէին: Պաշշար Ճաաֆարի, որ    նամակ մը յղած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար ՝Պան Քի Մունին յայտնած  է, թէ   Թուրքիա կը շարունակէ զօրավիգ եւ նեցուկ  կանգնիլ   ահաբեկիչ զինեալներուն, որոնք Ժաաֆարիի ըսելով ծանր  պատերազմ  կը մղեն  Սուրիոյ   դէմ:Ժաաֆարի նաեւ ըսած է, թէ Թուրքիա      մասնակից է   Սուրիոյ մէջ կռուող ահաբեկչական խմբաւորումներէն խոյս տուած գաղթականներուն դէմ գրանցուող  անմարդակային  հալածանքներով: Ժաաֆարի  մեղադրած է Փուրքիոյ նախագահ Էրտողանը  ըսելով նաեւ, թէ  Էրտողան  կը միտի  ոտքի  հանեԼ Օսմանեան  կայսրութեան   բռնատիրական  ժառանգութիւնը  ու ատոր համար   յատուկ      ուշադրութիւն կը դարձնէ  Սուրիոյ մէջ  ապրող թրքախօս  փոքրամասնութիւններուն :