Սուրիա- (Russia Today-Մոսկուա) Ուքրանիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճոն Հըրպսթ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով ըսած է, թէ այս հանգրուանին Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ անփոխարինելի է: Հըրպսթ, որ խօսած է Russia Today կայանին, նկատել տուած է, թէ յատկապէս այս հանգրուանին Ասատի՝ իշխանութենէն հեռանալը կը նշանակէ ծայրայեղականներու յաղթանակ: Ան, քննադատելով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գերատեսչութեան կեցուածքը այս հարցին շուրջ, ըսած է «Մեր կառավարութիւնը սխալ կը վերլուծէ, որովհետեւ Ասատի իշխանութեան վրայ մնալը կ'արգիլէ իսլամիստներու արտահոսքը դէպի Ամերիկա»: Ան քննդատելով Ասատը ըսած է՝ «Ճիշդ է, որ Ասատ կարծր մարդ մըն է, բայց եւ այնպէս անոր իշխանութեան վրայ մնալը անհրաժեշտութիւն է, եւ ան շատ աւելի լաւ է, քան՝ ծայրայեղականները»: