image

Պաղեստինի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կին մը մահապատիժի ենթարկուեցաւ

Պաղեստինի մէջ առաջին անգամ ըլլալով կին մը մահապատիժի ենթարկուեցաւ

Կազայի մէջ, իրաւական եւ կնոջական կազմակերպութիւններ մտավախութիւն յայտնած են՝ իսլամական «Համասի»ի տարածքէն ներս կնոջ մը մահուան դատապարտուելուն առիթով: Այս մասին կը հաղորդէ «AFP» գործակալութիւնը, աւելցնելով, որ իսլամական «Համաս»ի ենթակայ Կազա շրջանին մէջ, ամուսինն սպանելու մէջ մեղադրուած Նահլա Ա. (26 տարեկան) կը սպասէ իր մահուան դատավճիռի իրագործումը, որ կնոջ մը նկատմամբ առաջին մահապատիժի վճիռը կը նկատուի, պաղեստինեան իշխանութեան ստեղծումէն ի վեր (1994):  

Կազայի ընդհանուր դատախազ Իսմայիլ Ժապր «Ֆրանս Բրէս» գործակալութեան յայտնած է, որ «Ոճիրը ամբողջական է իր տուեալներով եւ վկաներով, գործուած է անմեղ ամուսնոյն դէմ: Ան խոստովանած է, եւ մենք ունինք ամբողջական փաստերը: Կանխամտածուած եւ ծրագրուած սպանութիւն է»:

Կազայի հետազօտական եւ իրաւաբանական կնոջական խորհրդատուութեան կեդրոնի տնօրէն Զէյնէպ Ալ Ղնէյմի բացայայտած է, որ մեղադրեալին ընտանիքը իրենց աղջկան համար պաշտպան փաստաբան չեն նշանակած՝ վախնալով ամուսնոյն ընտանիքի վրէժխնդրութենէն կամ փոխհատուցում վճարելու պահանջէն: Սակայն կեդրոնը իր կողմէ նշանակած է Պաքր Թուրքմանի փաստաբանը, որ պաղեստինեան մարդու իրաւունքներու յատուկ յանձնաժողովին հետ կ'աշխատի: Ան յայտնած է, որ մեղադրեալը ամուսնոյն հետ շատ աղքատ կեանք մը կ'ապրէր եւ բռնութիւններու կ'ենթարկուէր անոր կողմէ:

Նշենք, որ ըստ պաղեստինեան օրէնսդրութեան, մահապատիժի կը դատապարտուին լրտեսները, մարդասպաններն ու թմրանիւթ վաճառողները: 1994-2002 թուականներուն, Արեւմտեան հատուածին մէջ, որ պաղեստինեան իշխանութեան տակ է, երկու մահապատիժի վճիռ սահմանուած է, իսկ անկէ ետք՝ ոչ մէկ: Միւս կողմէ, Կազա 1994-ին «Համաս»ի ենթակայ դառնալէն ետք, այնտեղ 33 անձ մահապատիժի ենթարկուած է: