Իսրայէլ- («Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն կիրակի օր սաստած է Իսրայէլի սպայակոյտի փոխնախագահը, անոր կողմէ իսրայէլեան հասարակութեան վարքագիծի՝ նացիստներու վարքագիծին նմանելու մասին եղած ակնարկութեան համար: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ- Տիար», նշելով, որ իսրայէլեան Հոլոքոսթի յիշատակի երեկոյին զօրավար-մայոր Եաիր Կոլան խօսք առնելով, նշած է, որ մութ կէտ մը կայ հրեայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ, եւ կոչ ըրած է, որ Իսրայէլ վարկեանի մը համար ինքն իր հետ անկեղծանայ: Ան ըսած է. «Ինձ Հոլոքոսթը յիշելու մէջ ամենաշատ մտավախութիւն պատճառողը այն է, որ Եւրոպայի եւ մասնաւորապէս Գերմանիոյ մէջ 70-80 կամ 90 տարի առաջ կատարուած նողկալի գործողութիւններու ազդեցութիւնները այսօր ի յայտ կու գան մեր մէջ, 2016-ին»:
Նեթանիահու իր հերթին ըսած է, որ սպայակոյտի փոխնախագահի կողմէ կատարուած այս համեմատութիւնը 80 տարի առաջ նացիստական Գերմանիոյ կատարածի հետ վիրաւորական է, ան մեղաւորութեան մէջ կը դնէ իսրայէլեան հասարակութիւնը եւ կը նսեմացնէ Հոլոքոսթը: