Ամերիկեան Ֆլորիտա նահանգին մէջ եղած սպանդին հիմնական մեղադրեալը կը կոչուի Օմար Մաթին: Այս մասին լուր փոխանցող ամերիկեան աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Մաթին սպաննուած է դէպքին վայրը, երբ շրջանի ոստիկանութիւնը ներխուժած է «Պուլզ» անունը կրող գիշերային ակումբ՝ փրկելու համար հոն եղողները: Կը նշուի նաեւ, որ Մաթինի բացած կրակին հետեւանքով սպաննուած են անձեր եւ կան շուրջ 50 վիրաւորներ: Ըստ FBI-ին ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունեցող աֆղան արմատներով Մաթին դրական հայացքներ ունեցած է իսլամիստ շարժումներու հանդէպ: Կը նշուի նաեւ, որ «Պուլզ» գիշերային ակումբը միասեռականներու յատուկ ակումբ մըն է: Իր կարգին Օրլանտոյի քաղաքապետ Պէտի Թէյըր «արտակարգ իրավիճակ» յայտարարած է քաղաքին մէջ: Ապահովական մարմիններ, որ հետաքննութիւն բացած են դէպքին վերաբերեալ, նաեւ ըսած են, որ ցարդ յայտնի չէ, թէ Օմար Մաթինէն բացի այլ զինեալներ եւս մասնակցա՞ծ են ոճրային այս դէպքին: