image

Օրլանտոյի սպանդը գործողը կը կոչուի Օմար Մաթին

Օրլանտոյի սպանդը գործողը  կը կոչուի Օմար Մաթին

Ամերիկեան Ֆլորիտա  նահանգին մէջ եղած սպանդին հիմնական մեղադրեալը կը  կոչուի Օմար Մաթին: Այս մասին  լուր փոխանցող ամերիկեան աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Մաթին սպաննուած է դէպքին վայրը, երբ շրջանի ոստիկանութիւնը ներխուժած է «Պուլզ» անունը կրող գիշերային ակումբ՝ փրկելու համար հոն եղողները: Կը նշուի նաեւ, որ Մաթինի  բացած կրակին հետեւանքով  սպաննուած են անձեր եւ կան շուրջ 50 վիրաւորներ: Ըստ FBI-ին ամերիկեան քաղաքացիութիւն ունեցող աֆղան արմատներով Մաթին դրական հայացքներ ունեցած է իսլամիստ շարժումներու հանդէպ: Կը նշուի նաեւ, որ «Պուլզ»  գիշերային ակումբը միասեռականներու յատուկ ակումբ մըն է: Իր կարգին Օրլանտոյի քաղաքապետ Պէտի  Թէյըր «արտակարգ իրավիճակ» յայտարարած  է քաղաքին մէջ: Ապահովական մարմիններ, որ  հետաքննութիւն բացած են դէպքին վերաբերեալ, նաեւ  ըսած են, որ ցարդ   յայտնի չէ, թէ Օմար Մաթինէն բացի այլ  զինեալներ  եւս մասնակցա՞ծ են   ոճրային  այս  դէպքին: