ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամբ պետութեան գործող նախագահ Պարաք Օպամայի հետ 28 դեկտեմբերին կայացած հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած Է «իշխանութեան սահուն փոխանցումը»: Այդ մասին նշուած է Սպիտակ տան յայտարարութեան մեջ:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած Է, որ երկու քաղաքական գործիչներու բանակցութիւնները, ինչպէս միշտ, կը կրԷին դրաական բնոյթ եւ «կեդրոնացած Էին իշխանական լիազօրութիւններու սահուն եւ արդիւնաւէտ փոխանցումը շարունակելու վրայ»:
Սպիտակ տունն ընդգծած է, որ Թրամբ եւ Օպամա «պարտաւորուած են յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին պահպանել շփումը եւ պայմանաւորուած են շարունակել իրենց կազմերու համագործակցութիւնը իշխանութեան սահուն փոխանցումը Յունուարի 20-ին աւարտելու համար», հաղորդած Է «ԹԱՍՍ»: