image

Օդանաւի ծանր արկած Եակուտիոյ վերեւ. 32 ուղեւորներէն միայն 6-ը փրկուած են

Օդանաւի ծանր արկած Եակուտիոյ վերեւ. 32 ուղեւորներէն միայն 6-ը փրկուած են

Ռուսաստանի Դաշնութեան կազմին մէջ մտնող Սախայի Հանրապետութեան տարածքին (Եակուտիա) Իլ-18 օդանաւ մը կործանած է, tert.am-ի հաղորդմամաբ, կը յայտնէ tass.ru-ն, մանրամասնելով, որ օդանաւի մէջ եղած է 32 ուղեւոր եւ 7 հոգանոց անձնակազմ: Աղբւիրը համաձայն, միայն 6 մարդ փրկուած է:

«19 Դեկտեմբերին Եկատերինպըրկի Կոլցովօ օդակայանէն թռած Իլ-18 օդանաւը կործանած է Տիկսի բնակավայրէն 27 քմ հեռաւորութեան վրայ»,- յայտնած է իրաւապահ մարմիններու ներկայացուցիչը:

Կը նշուի, որ օդանաւի ուղեւորները եղած են զինծառայողներ: Այժմ կ'իրականացուի տուժածներու տարհանում: