Սուրիոյ բանակը այսօր յաջողեցաւ անցնող 3 տարիներուն պաշարման օղակի տակ առնուած Նըպպոլ եւ Ալ Զահրաա աւանները ազատագրել: Հալէպի հատուածին մէջ եղող այս աւաններու բնակչութեան մեծ տոկոսը կը բաղկանայ շիիթ բնակիչներէ: Լրատուական աղբիւրներ կը խօսին Լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութեան զինեալներուն այս գործողութեան մէջ ունեցած կարեւոր դերակատարութեան մասին: Բացի գետնի վրայ իրականացուած զինուորական յառաջխաղացքէն՝ տարբեր աղբիւրներ կը շեշտեն, որ այս քայլով բանակը կարողացաւ վերջնականօրէն կտրել Թուրքիա- Սուրիոյ ընդդիմութիւն առկայ անմիջական ճանապարհը: Յառաջիկայ հանգրուանը կը թուի բաւական բարդ ըլլալ մասնաւորապէս «Ալ Նըսրա» ճակատին համար, որ այսօրուան դրութեամբ կը համարուի Թուրքիոյ գլխաւորագոյն «խաղացող»ը սուրիական ճակատներուն վրայ: Այս կարեւոր զարգացումով «Ալ Նըսրա» եւ անոր շուրջ գոյաւորուած զինեալ ջոկատներ նոյնպէս պարէնի խնդիրներ պիտի ունենան Հալէպի ներքին շրջաններուն մէջ: Ռուսական բլաններով շարժող սուրիական բանակին համար այսօր գծուած ճանապարհը մէկ նպատակ ունի ՝ վերջանականապէս կղզիացման մատնել Հալէպի շրջաններու զինելաները, որոնք կրնան մէկ օրէն միւսը բաւական տրամաթիք վիճակներու մէջ յայտնուիլ: Ամէն պարագայի յստակ է, որ Մոսկուա վճռած է իր արշաւը շարունակել առանց ականջ տալու Ժընեւի մէջ գրանցուող քաղաքական- բանակցային օրակարգերուն: Այս նոր դրութեան առջեւ բնական է նաեւ, որ Հալէպի հայկական շրջանները պիտի ապրին աւելի խաղաղ եւ ապահով օրեր: Մեծ բլանի վրայ նոր հանգրուան մը պիտի բացուի Հալէպին համար: Հեռու մնալով վերլուծումներ կատարելու մօտեցումէն՝ գետնի վրայ ընթացող գործողութիւնները նոր փուլ մը պիտի գծեն վերջին տարիներուն Սուրիոյ պատերազմին ամէնէն սեւ օրերը ապրած հայկական Հալէպին: