ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը կը գուժէ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան անդամ՝ Կիմ Խաչատրեանի եւ ՀՅԴ Էջմիածնի «Վաչէ Ռոստոմեան» կոմիտէութեան համակիր ընկեր՝ Մայիս Նազարեանի մահը։
Անոնք Արցախ մեկնած էին ՀՅԴ կամաւորական վաշտերէն մէկուն կազմով, զոհուած են 31 հոկտեմբերին՝ առաջնագիծին վրայ մղած մարտերու ընթացքին։
Կիմի վերջին հրապարակումը. «Բախտը մէկն է զինուորի՝ կամ մահ, կամ ազատութիւն»
Հայկական բժշկական իսթիթութի 5-րդ դասարանի ուսանող՝ Կիմ Խաչատրեան արդէն բաւական շրջան է ինչ առաջնագիծ էր, ուր մեկնած էր ՀՅԴ կամաւորական վաշտերէն մէկուն կազմին մէջ ընդգրուելով։
Շնորհալի, կեանքին մէջ ազգային արժէքներով ու աւանդոյթներով առաջնորդուող, հայրենիքը անսահման սիրող Կիմը ծնած է 1995 17 մարտին՝ Վայոց Ձորի մարզի Արենի գիւղը, 2001-2012-ին յաճախած է Արենիի միջնակարգ դպրոցը։ 2013-2015-ին ծառայած ՀՀ զինուած ուժերէն ներս (Մեղրի)։ Նպատակ ունէր ուսումը աւարտելէն ետք մասնագիտական գործունէութիւնը ծաւալել հայրենի գիւղը եւ հիմնել ատամնաբուժարան։
5 հոկտեմբերին՝ ուսուցիչի օրը, Կիմ հրապարակած էր ուսուցչի հետ իր լուսանկարը եւ գրած. «Ուսուցչի օրը… Իմ կեանքին սթափ նայելու ու հայրենիքի հանդէպ պարտքի զգացում սերմանած ուսուցիչ։ Քու դասերէն է, որ հիմա կ'ամչնամ քաղաքացիական հագուստով շրջելու»: Իսկ ռազմաճակատ մեկնելու օրը Կիմ ընկերային ցանցի իր էջով հրապարակած էր հետեւեալ բանաստեղծութիւնը.
Բախտը մէկն է զինուորի`
Կամ մահ, կամ ազատութիւն։
Վառոդդ պահիր միշտ պատրաստ ու չոր,
Նշանահատիկդ միշտ ճշդուած պահիր,
Որ գնդակն անցնի ճիշդ սրտի միջով,
Եւ նրան յանձնի անաչառ մահին:
Կռվի մէջ չկայ գթութեան խնդիր,
Եւ ոչ էլ խղճի գերակայութիւն,
Խղճիդ հետ երբեք դաշինք մի կնքիր
Այլապէս խիղճդ կը դառնայ քեզ թոյն:
Թշնամուցդ աւելի եղիր անողոք,
Լուծիր հնացող ցաւը վրէժի,
Թող քեզ չյուզեն կական ու բողոք,
Երբ քո խնդիրը մահն է հրէշի:
Թող որ թշնամիդ անիծի զարկդ,
Ոսոխիդ մայրը թող քեզ նզովի,
Բազուկդ սակայն կ'օրհնի քո ազգը,
Եւ քաջութիւնդ երգով կը գովի:
Նիւթը առնուած է ՀՅԴ Պաշտօնական կայքէն։
Տեսանիւթը՝ «Երկիր» կայքէն։