Լիբանանի Ուժանիւթի նախարար Սեզար Ապի Խալիլ հեռուստազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ թրքական ելեկտրատար նաւը, որ երկրի հարաւային նաւահանգիստին մէջ պիտի կայանէր, պիտի անուանափոխուի, «Այշա»ի փոխարէն «Իսրաա» կոչուելով, նկատի ունենալով տարածաշրջանային լարուածութիւնները:
«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին համաձայն, նախարարի յայտարարութիւնը լարուածութեան ալիք բարձրացուցած է ընկերային կայքերու էջերու օգտատէրերու մօտ, ընդդիմանալով Հարաւի բնակչութեան կողմէ հնչած նման առաջարկին դէմ:
Նախարարին յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Հարաւի բնակիչներու պայմանն էր նաւու անունը փոխելը, թոյլ տալու համար իրենց նաւահանգիստ մուտք գործել:
Նշենք, որ յիշեալ նաւու անուան խնդիրը մեծ խնդիր ստեղծած էր Ազատ ազգայիններու եւ Ամալ շարժումի հետեւորդներու միջեւ: