image

«Նոր Թուրքիա՞» եւ նոր կառավարութի՞ւն. Hurriyet

«Նոր Թուրքիա՞» եւ նոր կառավարութի՞ւն. Hurriyet

Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր նշած է, թէ շարք մը հանգամանքներու վրայ պէտք է կեդրոնանալ, հասկնալու համար Էրտողանի վերընտրման արդիւնքով ստեղծուելիք «Նոր Թուրքիա»ն:

Թերթը նախ եւ առաջ շեշտը դրած է կառավարութեան կազմին ու լիազօրութիւններուն վրայ, նշելով, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու ծիրին մէջ Էրտողան զգալիօրէն ընդարձակեց իր լիազօրութիւններու ծիրը: «Նոր Թուրքիա»ն այլեւս վարչապետ պիտի չունենայ, իսկ խորհրդարանի աթոռներու թիւը պիտի աւելնայ: Բացի նշուածէն, Էրտողան իր նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ յայտարարած էր, որ նախարարներու թիւը 24-էն 16 կամ 17-ի պիտի հասցնէ:

Երկրորդ կարեւոր հանգամանքը, ըստ թերթին, նախարարութիւններու թեկնածուներն են: Այս պահուն որպէս թեկնածուներ առաջադրուած անհատներն են նախկին Տնտեսութեան նախարարն ու վարչապետի տեղակալը, մինչդեռ Թուրքիոյ մէջ տարակարծութիւններու առարկայ խոշորագոյն խնդիրը Արտաքին գործոց նախարարի թեկնածուի առաջադրումն է:

Թերթը դիտել տուած է նաեւ, որ Թուրքիոյ մէջ ներկայիս քննարկուող հարցերէն մէկն ալ Էրտողանի որդեգրելիք քաղաքականութիւնն է, թէ արդեօք վերջինս պիտի շարունակէ իր նախկին քաղաքականութիւնը, թէ նոր քաղաքական նախագիծ պիտի մշակէ:

Թերթը ի վերջոյ նշած է, որ Էրտողանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնն ու յարաբերութիւնները պիտի որոշեն «Նոր Թուրքիոյ» վարկանիշը: Եթէ վերջինս միտում ունենայ երկրին մէջ բարեփոխումներ կատրելու, այնժամ «Նոր Թուրքիա»ն դէպի բարգաւաճում պիտի ընթանայ, այլապէս, այն անկման հանգրուան պիտի թեւակոխէ: