image

Ներթափանցման Նոր Փորձ՝ Հակառակորդի Կողմէ

Ներթափանցման Նոր Փորձ՝ Հակառակորդի Կողմէ

ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական հաղորդագրութեան համաձայն, Ղարաբաղա-ատրպէյճանական զորքերու հակամարտութիւններու սահմանին, Յունուարի 25-ին եւ կանուխ 26-ի գիշերը, հակառակորդի կողմէ սադրիչ գործողութիւններ արձանագրուած են: Գործողութիւններու ընթացքին ատրպէյճանական բանակի առաջապահ ստորաբաժանումները հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած են շուրջ 600 կրակոցներ, օգտագործելով 60 եւ 82 մմ. տրամաչափի հրաձգային ականանետներ եւ ՀԱՆ-17 տեսակի նռնականեր:

Բացի այդ, Յունուար 26-ի ժամը 04:30-ի մօտերը, նոյնպէս, հակառակորդը շփման գիծի հարաւային ուղղութեամբ ձեռնարկած է ներթափանցման հետախուզական փորձ: Պաշտպանութեան Բանակի առաջապահ ստորաբաժանումները ճշդած է հակառակորդի ներթափանցող խումբի առաջխաղացքը եւ շպրտած է անոնց դէպի ելման դիրքերը: Արձանագրուած փոխհրաձգութեան ընթացքին Պաշտպանութեան բանակը կորուստներ չէ ունեցած: