ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Եանս Ստոլտնպըրկը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կրակի դադարեցումը յուսադրող համարած է եւ բոլոր կողմերուն կոչ ըրած է պահպանել զինադադարը եւ խուսափիլ իրավիճակի սրումէն, ինչպէս կը տեղեկացնէ nato.int-ը: Եանս իր կոչին մէջ նաեւ նշած է, որ ՆԱԹՕ-ն կը սատարէ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբին, հաստատելով, որ կողմերը պետք է վերադառնան բանակցութիւններու սեղան եւ խնդիրը լուծեն Մինսքի խումբի հովանիին ներքոյ: «Հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի», աւելցուցած է ան: