ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան 16 մարտին Նիւ Եորքի մէջ ներկայ պիտի գտնուի Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Հայաստանի անդամակցութեան 25-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն: Այս մասին կը հաղորդեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:
Նախատեսուած է Էտուարտ Նալպանտեանի հանդիպումը ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէսի հետ: