ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամբ, նախկին զօրավար Ճոն Քելի նշանակած է՝ ներքին անվտանգութեան նախարարի պաշտօնին: Այս մասին կը հաղորդէ AFP գործակալութիւնը, աւելցնելով, թէ ամերիկեան ծերակոյտի համաձայնութենէն ետք, Քելի պիտի գլխաւորէ 2001-ի ահաբեկչական յարձակումներէն ետք հիմնուած նախարարութիւնը, որ ստեղծուած էր որպէս կեդրոնական իշխանութիւն՝ տարբեր պատասխանատուութիւններու, որոնց շարքին են՝ օդակայաններու անվտանգութիւնը, սահմաններու եւ նաւահանգիստներու վերահսկողութիւնն ու աղէտներու արձագանգումը:
Յայտնենք, որ Քելի ԱՄՆ-ի հարաւային ղեկավարութեան պետն էր: Ան կը ղեկավարէր միջին եւ հարաւային Ամերիկայի, ինչպէս նաեւ Քարիպեան տարածքի ամերիկեան ռազմական գործողութիւնները: