image
Հրատապ լուրեր:

Նախարար Սէյրան Օհանեան Սահման Այցելեց

Նախարար Սէյրան Օհանեան      Սահման Այցելեց

  Արցախեան սահմանին վրայ իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած:  Այս մասին կը հաղորդէ ԼՂՀ պաշտպանութեան   նախարարութիւնը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ  երէկ  տեղի ունեցած կրակոցներուն հետեւանքով զոհուաղ  է      19- ամեայ զինծառայող Ֆիտար Ալոյեանը:   Երէկ սահմանին վրայ եղող ընդհանուր  իրադրութեան մասին նոյնպէս   տեղեկութիւն փոխանցած է    ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարի  խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան: Ան Ֆէյսպուքեան գրառում մը   ընելով, գրած է,  է թէ  հակառակորդը  երէկ գիշեր  հայկական դիրքերու ուղղութեամբ    կրակած է  թանկերով:  Յովհաննիսեան նաեւ      տեղեկացուցած , թէ  ՀՀ   պաշտպանութեան նախարար     Սէյրան Օհանեան         երէկ ուշ գիշեր հասած է սահման  մօտէն ծանօթանալու համար ընդհանուր իրավիճակին: