image

Նախագահ Մահմուտ Ապպաս «Քատրերու ջարդ» պիտի կատարէ՞

Նախագահ Մահմուտ Ապպաս «Քատրերու ջարդ» պիտի կատարէ՞

Պաղեստինեան իշխանութեան եւ խորհրդարանական աղբիւրներ յայտարարած են, որ երկուշաբթի օր, Պաղեստինի նախագահ Մահմուտ Ապպաս  վերացուցած է  պաղեստինեան օրէնսդրական յանձնաժողովի հինգ երեսփոխաններու նկատմամբ անձեռնմխելիութիւնը, նախապատրասելով անոնց հանդէպ նախաքննական գործողութիւններու ձեռնարկումին՝ «դրամի շորթում եւ զինամթերքի առեւտրականութիւն» մեղադրանքներով: Այս մասին կը հաղորդէ «AFP» գործակալութիւնը, բացայայտելով, որ նշուած երեսփոխանները Ապպասի ղեկավարած «Ֆաթըհ» շարժումի ներկայացուցիչներ են: 

Յայտնենք, որ անձեռնմխելիութեան վերացման որոշումը կայացած է ընդդէմ երեսփոխան Մահմուտ Տահլանի, որ «Ֆաթըհ»էն հեռացուած էր Ապպասի հետ վէճերու պատճառով, ինչպէս նաեւ Շամի Ալ շամի, Նաժաթ Ապու Պաքր, Նասէր Ճումաա եւ Ժամալ Ալ թիրաուի երեսփոխաններու նկատմամբ:

Նշենք նաեւ, որ Տահլան կը նախագահէր Կազայի պաղեստինեան անվտանգութեան մարմինը, որմէ հեռացաւ 2007-ին, «Համաս»ի կողմէ գրաւուելէ եւ «Ֆաթըհ»ի հետ արիւնալի բախումներէ ետք: Ան 2011-ին վտարուած է «Ֆաթըհ»ի Կեդրոնական Վարչութենէն՝ կաշառակերութեան մեղադրանքով, այնուհետեւ մեկնած է Եգիպտոս, ապա Արաբական Էմիրութիւններ:

Յիշեցնենք, որ պաղեստինեան Սահմանադրական Ատեանը անցեալ Նոյեմբերին որոշում կայացուցած է, ըստ որուն կը հաստատէ Պաղեստինի նախագահին իրաւունքը՝ օրէնսդրական յանձնաժողովի երեսփոխաններու խորհրդարանական անձեռնմխելիութիւնը վերացնելու,  ինչը զայրացուցած է պաղեստինեան իրաւական կազմակերպութիւնները: