Մոսկուա– («Ալ-Քուտս Ալ-Արապի»)- Ռուսաստան ուրբաթ օր ՆԱԹՕ-ին մեղադրած էր Կովկասի մէջ անկայունութիւն ստեղծելու ձգտումով, նկատի ունենալով յառաջիկայ շաբաթ Վրաստանի մէջ ՆԱԹՕ-ի իրականացնելիք զիուորական զօրավարժութիւնները, որոնց պիտի մասնակցին նաեւ ամերիկացի զինուորականներ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Քուտս Ալ-Արապի»ն, նշելով, որ Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Մենք Վրաստանի մէջ ՆԱԹՕ-ի այս կայուն աճը կը դիտենք որպէս սադրանք, որ միտումնաւոր նպատակ ունի կովկասեան շրջանի ռազմաքաղաքական կայունութիւնը խախտելու»:
Նշենք, որ տարիներէ ի վեր Վրաստան կը ձգտի անդամակցիլ ՆԱԹՕ-ին, ինչը կը մերժէ Մոսկուան, որ պատերազմած էր Թիֆլիսի մէջ 2008-ին, Վրաստանէն անջատուած Հարաւային Օսիայի հանրապետութեան պատճառով, եւ պատերազմը աւարտած էր Մոսկուայի կողմէ Օսիայի, ինչպէս նաեւ Ապխազիայի անկախ հանրապետութեան ճանաչումով, ուր ան հաստատեց մշտական ռազմակայաններ: