image
Հրատապ լուրեր:

Միւնիխի մէջ շոգեկառքի ուղեւորներ ենթարկուած են ծանր դանակահարութեան

Միւնիխի մէջ շոգեկառքի ուղեւորներ ենթարկուած են ծանր դանակահարութեան

Գերմանական լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ այսօր՝ երեքշաբթի առաւօտ ժամը 4-5 միջեւ, Միւնիխի մէջ զինեալ յանցագործ մը շոգեկառք բարձրացած եւ դանակահարած է 5 անձեր, որոնք ծանրօրէն վիրաւորուած են: Ոստիկանութեան փոխանցած տուեալներու համաձայն, ականատեսներ  տեղեկացուցած են, որ մարդ մը «Կրաֆինկ» շրջանին կայարանին մէջ յարձակած է  ուղեւորներուն վրայ: Ոստիկանութիւնը նաեւ յայտնած է, որ վնասուողներէն ոմանք կրնան մահանալ, իրենց ստացած ծանր վնասուածքներու պատճառով, նշելով, որ գերմանական իշխանութիւնները կրցած են ձերբակալել յանցագործը եւ ներկայիս կը սերտէն, թէ արդեօք դէպքը որեւէ քաղաքական դրդապատճառ ունի՞, թէ՞ ոչ: