Իտալիա- («Ալ-Քուտս Ալ-Արապի»)- Հիւսիսային Իտալիոյ՝ Միլանոյի քաղաքապետարանի խորհուրդի իսլամ կին թեկնածու Սումաիա Ապտ Ալ-Քատէր իւրայատուկ յաղթանակ մը տարած է քաղաքապետարանի ընտրութիւններուն՝ դառնալով առաջին իսլամ կինը, որ կը մտնէ քաղաքի խորհրդարան: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Քուտս Ալ-Արապի»ն, նշելով, որ ներքին գործոց նախարարութեան տուեալներու համաձայն, Ապտ Ալ-Քատէրը, որ վարչապետ Մաթէօ Ռինցիի գլխաւորած «Դեմոկրատական կուսկացութեան» ցանկի թեկնածուներուն շարքին էր, շահած է 1016 ձայներ:
Աղբիւրը կը նշէ, որ պաղեստինեան-յորդանանեան արմատներով, 38-ամեայ Սումաիա Ապտ Ալ-Քատէրը ծնած է Իտալիոյ Պերուճիա քաղաքին մէջ, ընկերային գիտութիւններու մասնագէտ է եւ կը ղեկավարէ կանանց հանդէպ բռնութեան դէմ պայքարող ծրագիր մը, որ կը կրէ «Աիշա» անունը: