image

Միջերկրականի «գանձեր»ը, որոնք կրնան պայթեցնել շրջանը... Ինչի՞ մասին է խօսքը

Միջերկրականի «գանձեր»ը, որոնք կրնան պայթեցնել շրջանը... Ինչի՞ մասին է խօսքը

Միջերկրական ծովու արեւելեան ափի երկիրներուն մէջ մրցակցութիւն սկսած է այն բանէն ետք, երբ շատ մեծ քանակով կազ յայտնաբերուած է ծովու յատակի տարբեր կէտերու մէջ:

«Lebanon 24» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, Միջերկրականի ափը կիսող երկիրներուն միջեւ մրցակցութիւնը կրնայ ծովային սահմաններու տարածքին լուրջ հակամարտութեան վերածուիլ, նկատի ունենալով գտածոյի մեծ արժէքը յիշեալ երկիրներու տնտեսութեան զարգացման գործին մէջ:

Աղբիւրին համաձայն, Միջերկրական ծովու աւազանի տարածքին նաւթի եւ կազի պեղումները կ՛իրականացուին միջազգային ընկերութիւններու կողմէ, որոնցմէ գլխաւորներն են իտալական «ENI» ընկերութիւնը, ֆրանսական «Total»ը, ամերիկեան «Nobel Energy»ն եւ իսրայէլեան «Delek»ը:

Աղբիւրը նշած է նաեւ, որ Միջերկրականի մէջ յայտնաբերուած կազը պիտի կիսեն Եգիպտոսը, Իսրայէլը, Լիբանանը, Թուրքիան եւ Կիպրոսը: