Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
27 Փետրուար 2018ին, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ, Պրիւքսէլ, տեղի ունեցաւ հանրային քննարկում՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին վերաբերեալ: Քննարկումը կազմակերպած էին Եւրոխորհրդարանի երեսփոխաններ Միշէլ Ռիւազի (Կանաչներ/ԵԱԴ) եւ Լարս Ատաքթուսըն (ԵԺԿ), Արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնի, Թիւֆէնկեան հիմնադրամի եւ Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին հետ միասնաբար:
Հանրային քննարկման բանախօսներն էին՝ ՄԱԿի ժողովրդավարական եւ արդար միջազգային կարգի աջակցութեան հարցերով անկախ փորձագէտ դոկտոր Ալֆրետ Տը Զայաս, Իրաւունքի ամերիկեան համալսարանի Ուաշինկթընի իրաւագիտութեան դպրոցի դասախօս, Միջազգային հանրային իրաւունքի եւ քաղաքականութեան խումբի համահիմնադիր դոկտոր Փօլ Ուիլեըմզ, Ռուսիոյ պետական համալսարանի դասախօս դոկտոր Սերգէյ Մարքետոնոֆ, Արցախի Հանրապետութեան փոխ արտաքին գործոց նախարար Արմինէ Ալեքսանեան եւ համադրող, Արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու հայկական իրաւական կեդրոնի խորհուրդի անդամ Կիրօ Մանոյեան:
Փրոֆեսէօր Ալֆրետ Տը Զայաս իր իրաւական փաստարկը սկսաւ՝ Քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքներու մասին միջազգային դաշնագիրի եւ Տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային իրաւունքներու մասին դաշնագիրի մէջբերումով, որ կը սահմանէ՝ «Բոլոր ժողովուրդները ունին ինքնորոշման իրաւունք»:
Ասկէ բացի, միջազգային իրաւունքի փորձագէտ Տը Զայաս ընդգծեց, որ համաձայն ՄԱԿի երկու պայմանագիրներու, «ինքնորոշման իրաւունքի կրողներ են Դաշնագիրի մասնակից բոլոր պետութիւնները, որոնց ոչ միայն արգիլուած է խոչընդոտել իրաւունքի կիրառումը, այլեւ աշխուժօրէն պէտք է «նպաստեն» անոր իրականացման...: Անոնք ոչ միայն պէտք է յարգեն այդ իրաւունքը, այլեւ իրականացնեն զայն: Աւելին, ժամանակակից միջազգային իրաւունքի մէջ ինքնորոշումը erga omnes [բոլորի նկատմամբ] պարտաւորութիւն է, որ ամրագրուած է ՄԱԿի կանոնադրութեան բազմաթիւ յօդուածներու, Անվտանգութեան եւ Գլխաւոր խորհուրդներու անթիւ բանաձեւերու մէջ: Ժողովուրդներու լիազօրութիւնը՝ առանց խտրականութեան օգտուելու մարդկային իրաւունքներէ եւ իրականացնելու որոշակի աստիճանի ինքնիշխանութիւն, խիստ կարեւոր է ազգային եւ միջազգային կայունութեան համար: Այլապէս, մեծ է հակամարտութեան հաւանականութիւնը»:
Յատկանշական է, որ փրոֆ. Տը Զայաս շեշտեց՝ «Թէեւ ինքնորոշումը ի յայտ եկած է իբրեւ jus cogens [պարտադիր օրէնք] իրաւունք, որ գերակայ է միջազգային իրաւունքի այլ սկզբունքներու նկատմամբ, ներառեալ տարածքային ամբողջականութիւնը, սակայն անիկա ինքնըստինքեան չի կիրարկուիր»: Փրոֆ. Տը Զայաս «ինքնորոշման օրինական յաւակնորդներու» շարքին նշեց քիւրտերը, սահարավիները, պաղեստինցիները, քաշմիրները, Պիաֆրայի իկպոները եւ Սրի Լանքայի թամիլները: Ան իբրեւ օրինակ նշեց նաեւ «Լուկանսքի եւ Տոնեցքի ռուս-ուքրանական կազմաւորումները, Փրետնեսթրովիան (Մերձտնեսթրի Մոլտովական Հանրապետութիւն), Արցախի Հանրապետութիւնը, Աբխազիան եւ Հարաւային Օսիան...: ժողովուրդներ, որոնք ինքնորոշման հասած են իրական անջատման միջոցով պետական միաւորներէ, որոնց հետ մինչ այդ կապուած էին, սակայն անոնց միջազգային կարգավիճակը կը մնայ անորոշ՝ մեծ տէրութիւններու միջեւ քաղաքական վէճերու եւ, հետեւաբար, միջազգային ճանաչման բացակայութեան պատճառով»:
Փրոֆեսէօր Տը Զայաս աւելցուց, որ ինքնորոշման ձգտող ժողովուրդները «մարդկային իրաւունքներու միջազգային պայմանագիրներու լիակատար պաշտպանութեան իրաւունք ունին: Փակուղիէն կարելի է դուրս գալ միայն խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով, որովհետեւ ինքնորոշման դէմ զինուած ուժի կիրարկումը կրնայ խախտել միջազգային բազմաթիւ պայմանագիրներ, որոնց շարքին` ՄԱԿի կանոնադրութիւնը, Մարդկային իրաւունքներու դաշնագիրները եւ Ժընեւի Կարմիր խաչի համաձայնագիրները»:
Տը Զայաս կը պնդէ, որ «եթէ անջատման անյետաձգելի պահանջ կայ, ամէնէն կարեւորը՝ պէտք է խուսափիլ ուժի կիրարկումէ, որ կը վտանգէ տեղական, տարածաշրջանային եւ միջազգային կայունութիւնը, եւ աւելի կը վատթարացնէ մարդկային այլ իրաւունքներէ օգտուելու իրաւունքը»: Ասկէ բացի, «ինքնորոշման իրականացումը չի վերաբերիր միայն շահագրգիռ պետութեան ներքին իրաւասութեան շրջանակներուն, այլ կը հանդիսանայ միջազգային հանրութեան օրինական մտահոգութիւն»:
Փրոֆեսէօր Տը Զայաս բացատրեց, որ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը կը գործէ միայն արտաքին յարձակման պարագային. «Սկզբունքը նախատեսուած չէ ներքին կիրարկման համար, քանի որ ատիկա ինքնաբերաբար կը վերացնէ ինքնորոշման jus cogens [պարտադիր օրէնք] իրաւունքը։ Ինքնորոշման իրաւունքի ամէն փորձ, որ կը յանգեցնէ անջատման, կ՛առաջացնէ նախորդ պետական միաւորի տարածքային ամբողջականութեան փոփոխութիւն: Նման բազմաթիւ նախադէպեր կան»:
Փրոֆ. Զայասի կարծիքով, պէտք չէ խտրականութիւն ըլլայ ինքնորոշման ձգտող ժողովուրդներու միջեւ. «Նախկին խորհրդային հանրապետութիւններու անկախութիւնը եւ նախկին Հարաւսլաւիոյ ժողովուրդներու անջատումը կարեւոր նախադէպեր կը ստեղծեն ինքնորոշման իրագործման համար: Այս նախադէպերը չեն կրնար անտեսուիլ ժամանակակից ինքնորոշման առնչութեամբ ծագող վէճերու պարագային: Հնարաւոր չէ «այո» ըսել Էսթոնիոյ, Լաթվիոյ, Լիթվիայի, Սլովենիոյ, Խորվաթիոյ, Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի, Քոսովոյի ինքնորոշման, այնուհետեւ «ոչ» ըսել Աբխազիոյ, Հարաւային Օսիոյ կամ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդներու ինքնորոշման: Այս բոլոր ժողովուրդները ունին մարդկային միեւնոյն իրաւունքները եւ պէտք չէ խտրականութեան ենթարկուին: Ինչպէս յաջող յաւակնորդներու պարագային, այս ժողովուրդները եւս միակողմանիօրէն անկախութիւն հռչակած են: Ընդհանրապէս որեւէ արդարացում չկայ զանոնք մերժելու՝ ընտրողաբար կիրարկելով ինքնորոշման իրաւունքը եւ ընելով մակերեսային զանազանումներ, որոնք անօրինական են կամ անարդար»։
Անոնց համար, որոնք կը զուգորդեն տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը ինքնորոշման սկզբունքի հետ, փրոֆ. Տը Զայաս այսպէս հակադարձեց. «Տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը հիմնաւոր արդարացում չէ յաւերժացման համար ներքին հակամարտութիւններու, որոնք կրնան խորանալ եւ վերածուիլ քաղաքացիական պատերազմի, այսպիսով իսկ սպառնալով տարածաշրջանային եւ միջազգային խաղաղութեան ու անվտանգութեան»:
Վերջաւորութեան, փրոֆ. Տը Զայաս առաջարկեց, որ «21րդ դարուն ներքին եւ արտաքին կայուն խաղաղութեան ապահովման համար միջազգային հանրութիւնը պէտք է արձագանգէ ահազանգման նախնական նշաններուն եւ ստեղծէ հակամարտութիւններու կանխարգիլման մեքանիզմներ: Ժողովուրդներու միջեւ երկխօսութիւնը քաջալերելը եւ ճիշդ ժամանակին հանրաքուէ կազմակերպելը ազգային եւ միջազգային յարաբերութիւններու խաղաղ զարգացման միջոցներ են։ Բոլոր շահագրգիռ կողմերու ներգրաւումը պէտք է ըլլայ պարտադիր, այլ ոչ թէ բացառութիւն։ Եզրափակելով, թոյլ տուէք ժողովուրդներու՝ ինքնորոշման իրաւունքը հռչակել իբրեւ ժողովրդավարութեան արտայայտութիւն, քանի որ, իսկապէս, ժողովրդավարութիւնը ինքնորոշման ձեւ է»։
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան