Հայաստանցի արուեստագէտ Պարգեւ Սիմոնեան 1 ապրիլին սկիզբ առած ազրպէյճանականական զինուորական գործողութիւններէն ետք մեկնած է արցախեան սահման: Սիմոնեան, որ ծնած է Լոռի, ջութակահար է, եւ ինչպէս հարիւրաւոր կամաւորներ՝ մեկնած է կատարելու համար իր սրբազան պարտականութիւնը եւ պաշտպանելու հայրենի հողը: Ան, խօսելով Henaran.am կայքին, ըսած է, թէ կը փորձէ իր լուման ներդնել արցախեան պայքարի այս փուլին եւ երաժշտութեամբ ոգեւորել իր զինակից ընկերները: Լսելու համար Պարգեւի խօսքերը՝ դիտել ներքեւը տեղադրուած տեսանիւթը: