image

Մեւլութ Չաւուշօղլույի կարծիքով ռուս- թրքական լարուածութիւնը հայերու պատճառով է

Մեւլութ Չաւուշօղլույի կարծիքով ռուս- թրքական  լարուածութիւնը հայերու պատճառով է

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու կարծիքով ռուս- թրքական  լարուածութիւնը հայերու պատճառով է:Ան  թրքական  TRT պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ ռուսական լրատուամիջոցները կը ղեկավարուին «խումբ մը հայերու» կողմէ, որոնց նպատակը թուրքերուն բարի համբաւը արատաւորելն է: Ըստ  թուրք պաշտօնեային,  հայերը «շատ կը փորձեն ռուս ազգը թուրք ազգին դէմ լարել, սակայն, ինչպէս կը տեսնէք, անոնք այդքան ալ չեն յաջողիր»: Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը նաեւ յայտարարած է, որ գերմանական մամուլը անկախ չէ: