image

Մեծ Աւերածութիւն Հալէպի Նոր Գիւղ Թաղամասին Մէջ (Լուսանկարներ)

Մեծ  Աւերածութիւն Հալէպի Նոր Գիւղ  Թաղամասին Մէջ (Լուսանկարներ)

 Հալէպի հայկական  «Նոր Գիւղ» թաղամասը  երէկ  դարձեալ թիրախ  դարձած է    ծանր հրթիռարձակումներու: Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք «Արեւելք»ի Հալէպի  աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ  նշեց, որ  հրթիռարձակումներուն հետեւանքով ծանր վնասներու ենթարկուած է  հայկական թաղամասը: Արձանագրուած են  տասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ, սակայն  հայ  զոհերու կամ վիրաւորներու մասին մինչեւ այս պահը  տեղեկութիւն  չի փոխանցուիր: Նշենք, որ լուրի  մեր  տեղադրած   լուսանկարներէն մէկուն մէջ  մէջ  կ'երեւի Հալէպի  Ազգային Սահակեան վարժարանի  փոխադրակառքը, որ   ամբողջութեամբ վնասուելէ ետք դարձած է անգործածելի: