Եթէ Ազրպէյճանը հերթական անգամ խախտէ հրադադարը, ապա Արցախի զինուած ուժերը՝ միւս ստորաբաժանումներու հետ միասին պիտի հասցնեն անհրաժեշտ հարուած։ Այդ մասին, աերէկ՝ ապրիլի 7-ին, Ստեփանակերտի մէջ, ԼՂՀ ՊԲ ներգործող իրազեկման կեդրոնէն ներս կայացած մամոլոյ ասուլիսին յայտարարած է Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը:
Ան նաեւ նշած է, թէ իրենք աշխատանք կ'իրականացնեն հրետակոծութենէ տուժած քաղաքացիներուն աջակցելու համար։ «Կ'իրականացնենք ներգործող խորհրդակցութիւններ, կը ներկայացնենք մեր ակնկալիքները, ատոր հետ մէկտեղ բոլորին կը յորդորենք ըլլալ զգաստ, հաշուի առնելով, որ երկար տարիներու ընթացքին ունեցած ենք տասնեակ պայմանաւորուածութիւններ, որոնք խախտուած են Ազրպէյճանի կողմէ»,- ըսած է Բակօ Սահակեանը:
Պատասխանելով BBC-ի հարցին, ԼՂՀ նախագահը ընդգծած է, որ եւս մէկ հրաման տուած է. «Եթէ Ազրպէյճանը հերթական անգամ խախտէ հրադադարը, ապա մեր զինուած ուժերը՝ մեր միւս ստորաբաժանումներու, կամաւորականներու հետ միասին պիտի հասցնեն անհրաժեշտ հարուած»: Անոր խօսքով, ընդհանուր առմամբ, այս պահու դրութեամբ, տարբեր խախտումներով, կը պահպանուի հրադադարի պայմանաւորուածութիւնը։
Արցախի նախագահը նաեւ խօսած է Ստեփանակերտի օդակայանի գործարկման մասին, շեշտելով, որ օդակայանի գործարկումը կարելի չէ մեր կողմէ դիտարկել որպէս սթաթուս-քւոյի վերանայում կամ անոր հետ կապուած հարց։
Բակօ Սահակեանն նաեւ ընդգծած է, որ Ազրպէյճանի լայնածաւալ յարձակման նպատակն էր՝ մխրճուիլ Արցախի Հանրապետութիւն, իսկ այդ մշակուած գործողութիւնը չէ յաջողած։
«Հրադադարի խախտման պարագային պատասխան հարուածը կը հասնի, եւ սա միշտ պիտի ըլլայ մեր ռազմավարութեան հիմքը։ Մենք նման հակառակորդի նկատմամբ չենք կրնար այլ մօտեցում ունենալ։ Ասոր կողքին, մենք կը շարունակենք հաւատարիմ մնալ խաղաղ կարգաւորման՝ հաշուի առնելով իմ կողմէ հնչեցուած տեսակէտները»,- ըսած է Սահակեանը։
Աւարտին, Սահակեան իր խոնարհումը յայտնած է զոհուած զինծառայողներու ծնողներուն, նշելով, թէ գերծանրաբեռնուածութեան պատճառով նոյնիսկ հեռագիր չեն կրցած ուղարկել։