ԹՈՒՐՔԻԱ- Պոլսոյ մէկ դատարանը իբրեւ վկայ կանչուած «Ճումհուրիյէթ» թերթի խմբագրին դէմ նախնական բանտարկութեան որոշում հրապարակած է: Այս մասին գրած են թրքական լրատուական աղբիւրները. յայտնելով նաեւ, որ թերթի խմբագիր Ճան Տիւնտէր եւ թերթի Անգարայի գրասենեակի վարիչ Էրտէմ Կիւլ կը մեղադրուին դաւաճանութիւն ընելու մեղադրանքով: Կիւնտէր, իր դէմ եղած ձերբակալման որոշումէն ետք կարճ յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով ըսած է. «Մեզ կը մեղադրեն դաւաճանութեան մէջ: Մենք դաւաճաններ չենք, հերոսներ ալ չենք, մենք ընդամէնը լրագրողներ ենք եւ կուզենք մեր պարտականութիւնը կատարել»,- ըսած է բանտարկուած խմբագիրը: Յիշեցնենք, որ թերթին դէմ սկիզբ առած դատական գործը կ'առնչուի ամիսներ առաջ «Ճումհուրիյթ»ի ճակատին տեղադրուած այն լուսանկարներուն հետ, ուր բացայատօրէն կ'երեւի այն բեռնատարներուն պատկերները, որ զէնքով բեռցուած են եւ դէպի Սուրիա կ'ուղղուին: Ըստ դատարանին, թերթը իր այս արարքով խառնակչութիւն կը հրահրէ երկրին մէջ: