Տարբեր առիթներով կը գրուի Սփիւռքի հայկական վարժարաններու մասին: Սփիւռքի հայապահպանութեան ամրոց համարուող հիմնարկներու փակումը կը շարունակէ յուզել հայութեան լայն շրջանակները: Արեւմտահայերէն ջամբելու սփիւռքեան ովասիսներուն ամէնէն վաւերական կեդրոններէն էր Կիպրոսի սրտին վրայ (Նիկոսիա) հաստատուած «Մելգոնեան կրթական հաստատութիւն»ը (ՄԿՀ): 1924–ին իր դռները հայ որբուկներուն առջեւ բացած վարժարանը կը փակուէր 2005-ին: Վերջին տարիներուն դպրոցը դարձեալ կը դառնար հետաքրքրութեան առանցք, եւ տարբեր առիթներով բարձրաձայն կը խօսուէր վարժարանի վերաբացման կարելիութիւններուն մասին: Հայ Բարեգործական ընդհանուր Միութիւնէն (ՀԲԸՄ) բացի, վարժարանի շրջանաւարտները եւս, տարբեր երկիրներու մէջ քով- քովի գալով, կը փորձէին Մելգոնեանի «կրակ»ը վառ պահել եւ խօսիլ իրենց ունեցած ապրումներուն եւ յիշատակներուն մասին: Անոնք կը կազմակերպեն հաւաքներ, հանդիպումներ, յիշատակի երեկոներ եւ տարբեր տիպի միջոցառումներ: Այս միջոցառումներու ամէնէն «թէժ»ը պիտի կայացուի յառաջիկայ յուլիսին՝ նոյնինքն Նիկոսիոյ մէջ: Աշխարհի տարբեր ցամաքներէն Կիպրոս ժամանող շրջանաւարտները փիքնիք մը կազմակերպելով պիտի փորձեն փոշիէն հանել Գրիգոր եւ Կարապետ Աղա Մելգոնեաններուն յիշատակը: Աւելին, անոնք փիքնիք ընելով պիտի խօսին արեւմտահայ լեզուի փրկութեան մասին, չնայած անոր, որ շատ հաւանական է, որ անոնց մեծ մասը անգլիախօս հայրենակիցներ են: Բոլորը միասին իրար քով գալով անշուշտ միշտ փիքնիքի շրջանակին մէջ պիտի գովերգեն անցեալը ( ինչպէս միշտ) եւ ապա գեղեցիկ ժամանակներ անցնելով պիտի մեկնին իրենց տուները :
Այս «վաւերական» միջոցառման արդիւնքով Մելգոնեան վարժարանի փակ սեւ դարպասը դարձեալ իր դռները պիտի չբանայ ուսման ծարաւի աշակերտներուն առջեւ: Փոշիի տուն դարձած Մելգոնեանի գրադարանը պիտի չազատի փոշեկոլոլ իր վիճակէն:
Մատեանները հոն պիտի դարձեալ մսին: Զանգը, որ լռած է պիտի շարունակէ իր ամեհի լռութիւնը տարածել մեծ փակին վրայ: Շրջափակին մէջ եղող կիսանդրիները եւս իրար պիտի նային ու պահ մը զարմանք ապրելէ ետք պիտի շարունակեն իրենց ամեհի լռութեան շուքը տարածել ամէն դի:
Այսպէս Մելգոնեանի «ցաւով» տառապող մեր հայրենակիցները էջ մըն ալ պիտի դարձնեն իրենց սիրելի դպրոցի արդէն փակուած տոմարէն:
Էջը պիտի դարձնեն՝ սփիւռքի հայութեան վերջին շրջանի պատմութիւնը ամրագրելով Մելգոնեանի կրթարանի մահով:
Էջը պիտի դարձնեն իրենց խեղկատակութիւններով:
Էջը պիտի դարձնեն՝ լախտի հարուած մը իջեցնելով հայրենասիրութեան փարոս դարձած այդ կրթարանի փրկութեան վերջին յոյսի գլխուն:
Մելգոնեանի ճանապարհը փիքնիքներու ճանապարհ մը չէ:
Աւելին՝ անլուրջ մօտեցումներով եւ լալկան երգերով անցեալը գովերգելու կեղծաւոր վարքով պիտի շարունակենք աւելիով խրուիլ ձուլումի հեղհեղատներուն մէջ:
«Զիլ Խօսք»