Այսօրուան մեր կեանքին մէջ, երբ առօրեան յաճախ կը ծանրանայ աղմուկով ու շտապողականութեամբ, կան պահեր, որոնք կը վերածուին լռութեան, լոյսի եւ ներքին խաղաղութեան եզակի դրսեւորումներու։ Նման պահ մը ապրեցաւ Լիմասոլի հայ համայնքը, երբ երաժշտութիւնը եւ աղօթքը միախառնուեցան՝ ստեղծելով հոգեւոր բարձր ապրում մը, ուր ներկայ եղողներուն սրտերը միացան մէկ ընդհանուր զգացումի շուրջ։
Ստորեւ Լիմասոլի երեկոյին մասին հակիրճ լրատւութիւնը՝
Այսօր՝ Կիրակի, 3 Մայիսին, Սուրբ եւ Անմահ պատարագէն ետք, հովանաւորութեամբ Լիմասոլի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիմասոլի «Դանիէլ Վարուժան» վարչութեան, տեղի ունեցաւ «Լոյս եւ Աղօթք» խորագիրով գեղեցիկ երաժշտական համերգ մը։
Դաշնամուրով ելոյթ ունեցաւ Զառա Պարխուտարեան եւ երգիչներ Էտկար Էվոյեան եւ Սոնա Սարաճեան՝ իրենց կատարումներով ստեղծեցին հոգեւոր եւ յուզիչ մթնոլորտ մը։
Մեզի միացան նաեւ Քոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցիէն ժամանած ուխտաւորներ, որոնք յուշանուէր մը նուիրեցին եկեղեցւոյ։
Համերգին ներկայ էր նաեւ Կիպրոսի հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Պրն. Վարգէս Մահտէսեան եւ իր կինը՝ Մակի Մահտէսեանը։
Համերգէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ջերմ մթնոլորտով ճաշկերոյթ մը՝ մէկտեղելով ներկաները եղբայրական եւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ։