29 Դեկտեմբերին, ժամը 09։31-ին փրկարարական աշխատանքները վերսկսած են ԱԻՆ Փրկարար Ծառայութեան մարզային փրկարարական վարչութեան կողմէ:
Նախօրէին ժամը 20։44-ին Սիւնիքի մարզային ճգնաժամային կառավարման կեդրոնը ահազանգ ստացած է, որ Գորիս-Կապան ճանապարհին վրայ ինքնաշարժ մը դուրս եկած է երթեւեկելի հատուածէն եւ ինկած ձորը։
Դէպքի վայր հասած են ԱԻՆ մարզային փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն երկու մարտական հաշուարկ։
Մթութեան պատճառով փրկարարական աշխատանքները դադարեցուած են, վերսկսելու համար յաջորդ առաւօտեան:
Փրկարարները առաւօտեան ինքնաշարժէն (մօտ 250 մ. խորութեամբ ձորէն) դուրս բերած են վարորդի (Ահարոն Խ․) եւ ուղեւորներու (Կարապետ Յ․ եւ Վահէ Ղ․) դիերը եւ մօտեցուցած շտապ օգնութեան ինքնաշարժին: