Երբ մարդիկ չստուգուած, վարկաբեկող, միտքեր ու տեսակէտներ կը յայտնեն դաշնակիցներու վերաբերեալ, այդ կ'ունենայ շատ խոր հետեւանքներ ոչ միայն այդ պահուն Օգոստոս 19-ի մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսաւ ՀՀ երրորդ նախագահ՝ Սերժ Սարգսեան, անդրադառնալով լրագրողի այն հարցին, թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նշած է, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան իմացութեամբ եւ թոյլտուութեամբ Ապրիլեան պատերազմը տեղի ունենալու վերաբերեալ մտահոգութիւններու մասին, քննարկում ունեցած է ՌԴ գործընկերներուն հետ:
«Ռուսաստանի Դաշնութիւնը մեր ռազմավարական դաշնակիցն է, եւ այդպիսի յայտարարութիւն կը նշանակէ ուղղակի մեղադրել քու դաշնակիցը դաւաճանութեան մէջ, այդ անթոյլատրելի է, յատկապէս այն պարագային, երբ ՌԴ-ն մեզի հսկայական օժանդակութիւն ցուցաբերած է, որպէս դաշնակից»,- ընդգծեց Սարգսեան:
Սարգսեան մատնանշեց, թէ մինչեւ 2018 թուականի ապրիլեան իրադարձութիւններուն, Հայաստան 50 հազար թոնէն աւելի ռազմական մեքենաներու օժանդակութիւն ստացուած է ՌԴ-էն: «Կը պատկերացնէ՞ք ինչ թիւ է 50 հազար թոնէն աւելին, այդ թիւին մէջ չի մտնէր «Իսքանտեր»-ը, 200 միլիոն, 100 միլիոն տոլարի պայմանագիրով նախատեսուած սպառազինութիւնները, եւ այս պարագաներուն խօսիլ, թէ ՌԴ-ի գիտութեամբ եւ հրահրումով տեղի ունեցած է Ապրիլեան պատերազմը, կը կարծեմ, որ պարզապէս սխալի հետեւանք էր, կարելի չէ նման յայտարարութիւններ ընել»:
Լուրը՝ «Թերթ.ամ» կայքէն