image

Մատամ Ինկրիտ, անուն որ իմ հետ է միշտ

Մատամ Ինկրիտ,  անուն որ իմ հետ է միշտ

Երբեմն մէկ անուն ամբողջ աշխարհ մը կը կազմէ, ամբողջ աշխարհ մը կը բանայ աչքերուդ առջեւ ...։

       Անունները, որոնք կը կարծուին, թէ մոռցուած են, յանկարծ կրնան վայրկեանի մը մէջ ոտքի ելլել, դիմացդ կանգնիլ եւ իրենց ողջ մեծութեամբ խառնել քեզ իրենց թթխմորին։

      1987-ի ամառն էր, երբ առաջին անգամ    հանդիպեցայ տիկին Ինկրիտին։

      Պէյրութէն շուրջ կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Էլիսարի բարձունքը նոր էինք փոխադրուած։ Բանակումի հերթական ամառն էր, ու ես նոր դարձած էի Այնճարէն։

      Արեւէն այրած, շրթունքս կեղւուած ու ոտքերս արշաւներէն թուլացած։

      Տնեցիք կ՚ըսէին, որ նոր հարեւաններ ունինք, եւ անոնք եկած էին ինծի համար անծանօթ «Շուայֆաթ» քաղաքէն։

      Բարձրացանք անոնց տունը, բարեւեցինք, նստանք ու խօսեցանք։

      Մայրիկս Զահլէ ծնած ըլլալով լաւ արաբերէն կը խօսէր, ի տարբերութիւն մեր բոլորիս։

       Լաւ կը յիշեմ, թէ ինչպիսի՛ դժուարութեամբ կը հետեւէի ընթացող խօսակցութեան, եւ եղած նիւթերուն մասնակցելու միակ ճիգս մարմին կը ստանար գլխու համաձայնական շարժումով, հաւանաբար ըսելու, որ, այո, ես ալ գիտեմ, ես ալ կը հասկնամ ձեր խօսած նիւթը եւ, այո, պատրաստ եմ բացառապէս գլխու հաստատական շարժում մը ընելու՝ մասնակցելու եղած թեմաներուն...։

 Խօսակցութեան մէջ քանի մը անգամ կը լսուէր   Datsun    բառը, որ մինչեւ  հիմա  ալ   ականջներուս մէջ տեղ    ըրած է։   Աւելի    վերջ յայտնի կը դառնար, որ Datsun-ը   տիկին Ինկրիտի  ինքնաշարժն է, որուն մէջ նստելու     շատ առիթներ  կ՚ըլլային. այդ օրերուն  Լիբանանի մէջ  կանանց  մեքենայ   (ինքնաշարժ) վարելու  երեւոյթը        հասարակութեան կողմէ «յեղափոխական» արարք չէր համարուէր,  սակայն   աւելի ուշ մեզի պարզ կը դառնար, որ   մեր   հարեւանուհին  մեքենայ  վարել սկսած էր շատ   տարիներ առաջ    գիւղաքաղաքի մը մէջ,  որ  մեծամասնութեամբ բնակեցուած էր  աւանդապահ  տիւրիզիներով,  որոնց  աչքին  ան վստահաբար  «մօտեռն»  եւ արեւմտեան բարքերով ապրող  տիկին կը համարուէր։

 

      Մենք 23 տարի ապրեցանք Էլիսարի տան մէջ ու աւարտին ամէն կերպ կարողացայ թօթափել «մաքուր» արաբերէն խօսելու մեծ բարդոյթը։

      Փողոցը, երբ թաղի տղաներուն հետ ֆութպոլ կը խաղայինք, կամ աւելի ուշ, երբ զինուորական խումբի նմանողութեամբ խումբեր կը կազմէինք, մեզի կու տային «Արման» անունը, իսկ իրենք կը վերցնէին «Լըպնան» անուանումը՝ տեղ մը փաստագրելով, որ իբր թէ մենք օտարներ ենք, եւ իրենք բնիկներ։

      Կը փորձէինք անտեսել այդ մօտեցումը եւ հաւանաբար տեսակ մը վիրաւոր հոգիներով ջանայինք ձեւով մը մենք մեզ զսպել, համակերպիլ եւ խաղը շահելով անոնց «գլուխը կոտրել»...։

 Ի  դէպ խաղադադարներուն  ատեն    տղաքը (մեր հարեւան տիկնոջ երկու որդիները)    հերոսութեամբ կը պատմէին նոյն    -ին մասին, ըսելով, որ  իրենց    մայրիկին շնորհիւ էր, որ  իրենք     յաջողեցան  խոյս տալ  «Շուայֆէթ»էն,  այն օրերուն,  երբ քաղաքացիական պատերազմը  հասած էր իր  թէժ կէտին եւ   Շուքայրներու  ընտանիքը յայտնուած էր   սպանութեան  սպառնալիքին  տակ, այն  տիւրիզներուն կողմէ, որոնց հետ երկար, շատ երկար տարիներ  սիրալիր ու համերաշխ   հարեւանութիւն մը ապրած էին։

 Հարեւանութիւն ....  ահա  այդ բառին  համար էր  ամբողջ պատմութիւնը  եւ  անոնք հաւատալով, որ   աւելի լաւ  հարեւաններ  պիտի գտնեն, կը թողէին   ամէն ինչ, կը հեռանային «Շուայֆաթ»էն եւ   կը հասատուէին   Մեթնի  սրտին վրայ   բազմած ՝ «Էլիսար»  գեղանիստ  բարձունքին  վրայ։

.....

      Տարիները թաւալեցան, իրենք սորվեցան հայերու ով ըլլալուն մասին, մենք ալ սկսանք տարբերել, թէ ովքե՛ր են «օրթոտոքս»-ները, կամ աւելի խորը երթալով հասկնալ նաեւ, թէ ինչ սուր պատճառներով մեր մարոնիթ հարեւան Տընիզը ներքին ատելութիւն կը տածէր ոչ թէ հայերուն հանդէպ, այլ նոյն մեր հարեւան Ինկրիտին հանդէպ, որ կը սերէր լիբանանեան մշակոյթին մէջ մեծ ներդրում ունեցած օրթոտոքսներէն ։ Ի հարկէ աւելի խորքային արմատներ ունէր այդ թաքուն ատելութիւնը, որովհետեւ առկայ վէճը ունէր խորունկ, շատ խորունկ արմատներ։

      Խնդիրն այն էր, որ Լիբանանի արդի ժամանակներու պատմութեան մէջ ուղղափառները միշտ ալ եղած են առաջատար  ու մեծ անուններ տուած են Լիբանանի ձախակողմեան ճակատին՝ ի տարբերութիւն մարոնիներուն, որոնք, կազմելով «Լիբանանի ազգային ճակատ»ը (70-ականներուն ՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի առաջին փուլին)՝ ստեղծած էին աջակողմեան եւ ազատական  թեքում ունեցող կարեւոր կուսակցութիւններ։

       Մարոնիները եղած են սահփանափակ դրոյթի հաւատացողներ, փակուած իրենց լեռնային գաւառներուն մէջ, ստեղծած են կրօնական հզօր հիմնարկներ ու հաւատքի վանքեր, իսկ ուղղափառները, որոնք չեն սահմանափակուած միայն Լիբանանի տարածքին վրայ կերտուած կառոյցներով, իրենց թեւերը լայն բանալով գործած են Պէյրութէն, Թրիփոլէին եւ Աքքարէն շատ հեռու՝ հասնելով մինչեւ Դամասկոս եւ արուարձաններ, Հոմս, Հալէպ եւ նոյնիսկ Երուսաղէմ։

      Այդ տարածումը նաեւ այն պատճառով էր, որ յունաց եկեղեցին, ի տարբերութիւն մարոնիներուն, ունէր մի քանի նուիրապետական աթոռներ, որոնց գլխաւորը Դամասկոսի կամ Անտիոքի պատրիարքականն  էր, որուն կողքին կային՝ Աթէնքի, Կոստանդնուպոլսոյ ու նաեւ Երուսաղէմի աթոռները։

      Ինչ իմանար այս բոլորին մասին տիկին Տընիզը, որուն համար հիմնական խնդիրը օրթոտոքսներուն Ղովմի, ձախակողմեան ու նաեւ համայնավար կուսակցութիւններուն մէջ հիմնարար դեր ունենալու հարցն էր, որ կը հասնէր մինչեւ դաւաճանութեան մեղադրանքի, որովհետեւ նոյն օրթոտոքսներուն համար արաբ քրիստոնեայ կամ նոյնիսկ իսլամ պաղեստինցիները թշնամիներ չէին համարուեր, ինչ որ մեծ «ազգային հոգելքում» կը համարուէր ցանկացած Մարոնիի համար։

      Ուղղափառները ողն ու ծուծով արաբ էին, իսկ մարոնիները շատ խոր հաւատքով քրիստոնեաներ, որոնց համար ալ կար մէկ ու էական խնդիր, որ էր Լիբանանը տեսնել առանց պաղեստինցիներու ազդեցութեան...։

       Տարիներու ընթացքին Մարոնիները փոխեցին իրենց թիրախները։

      Մնացին անոնք քրիստոնեայ, սակայն արաբ չդարձան։

      Նեղ ակնոցով դիտեցին եւ չկարողացան հեռուն տեսնել...

      Օրթոտոքսները, որոնք յանուն քրիստոնէութեան մեծ հարուածներու ենթակայ էին եղած, չփոխեցին արաբ ըլլալու իրենց յանձնառութիւնը եւ ցայսօր ալ կը շարունակեն իրենց երթը։

      Ճիշդ է անոնք նօսրացան, թուլացան, այսօր չունին կեդրոնական դեր, սակայն կը շարունակեն հաւատալ հեռաւոր հիւսիսէն իրենց հասնող տաք շունչին։

      Սուրիոյ մէջ կը պահեն իրենց խաչը, Երուսաղէմի մէջ կը պայքարին այդ խաչին համար, իսկ Պէյրութի մէջ ալ չհասկցուած ըլլալու բաւական բարդ դիրքերով կը փորձեն ցոյց տալ արաբական աշխարհի լուսաւոր երեսը։

      Այդպէս էր նաեւ մեր հարեւան տիկին Ինկրիտը։

      Սիրտով սիրառատ այդ կինը ոչ մէկ անգամ ձեռք կ՚առնէր Պուրճ Համուտի մայթերուն վրայ աճած իմ արաբերէնս, եւ իմ առջեւս կը բանար արաբներու մեծ աշխարհին գանձերը, կը բացատրէր իրենց հին հաւատքին մասին, ուղղափառ սուրբերուն պատկերները ցոյց կու տար եւ կը խօսէր Արեւելքի հին հաւատքին ու լոյսին անունով։

      Մեր թաղեցիներուն համար սիրտ կու տար տիկին Ինկրիտը, կը խառնէր մեր հոգին այնքան մը խոր, որ «Արման ընդդէմ Լըպնան» ֆութպոլի խաղերը կը դառնային մէկ։

      Չէր փակեր իրենց տան դուռը, սեմէն ներս էինք միշտ, ապահով էինք այնտեղ , սիրող էր քանի եւ այդ սէրը կը տարածուէր Շըքայր ընտանիքի պատուհաններէն դուրս ... ու կը հասնէր մեզի։

      Ինչպէս մոռնալ պահքի օրերը, երբ տիկին Ինկրիտը, անոր որդիները՝ իմ ընկերներս՝ Ճորճն ու Սարմատը կանոնաւոր կերպով եկեղեցի կը յաճախէին ու մեզ ալ կը ստիպէին, որ մտնենք օրթոտոքսներու հաւատամքի մեծ օրացոյցին մէջ։

      Տօնական կ՚ըլլար այն կիրակին, երբ լեռնալիբանանի օրթոտոքսներու մեծ ըթրան (եպիսկոպոս-առաջնորդ) Ժորժ Խըտըրը այցի կու գար մեր հարեւաններուն: Կարծես տօն ըլլար ամէն ինչ, իսկ եկողը՝ մեծ նախագահը համայնքի մը, որ հին ու նոր Պէյրութի կեդրոնական թաղամասերուն մէջ հզօր ու պատմական եկեղեցիներու բանալիներ ունէր։ Ան կրօնաւորն էր այն համայնքին ու կը տնօրինէր մեծ վանքեր, տէրն էր լոյսի կեդրոն տասնեակ վարժարաններու, մեծ եւ արդիական հիւանդանոցներու եւ երկար տարիներու կեանք ունեցող անկելանոցներու։

      Զարմանալի սիստեմով կ՚ապրէին օրթոտոքսները. կազմակերպուած, կիրթ, բարձր ուսման տէր մարդոց նեցուկով ու ամենակարեւորը՝ իրար հանդէպ հոգատար ու գորովագութ։

       Իրենց կենցաղի բոլոր դրուագներուն մէջ ամուր եւ յաղթող Քրիստոսի պատկերը կար ու այդ պատկերը պահպանող հեռաւոր Յունաստանի վանքերէն բերուած սրբանկարներով կը զարդարէին իրենց տուները։

      Տակաւին չեմ խօսիր Դամասկոսի մերձ գտնուող Սայէտ Նայա վանական համալիրին մասին, որուն աստիճաններէն վեր բարձրանալով մեզմէ շատեր առ Աստուած իրենց աղօթքը լսցուցին։

      Մէկ անուն  յաճախ մեծ աշխարհներ կը բանայ. այսօր այդ անունին ճանապարհով գացի, իսկ տիկին Ինկրիտը, որ իր ուսումը ստացած էր օրթոտոքսներու ամենամեծ գոլէճին մէջ, այսօր ողջ է ու այս գրութիւնը նաեւ իրեն ի պատիւ գրեցի։

      Անոր սիրտը ոսկի է, սիրով գրաւեց մեր անունները եւ այն արաբերէնի դասապահերը, որոնք միայն տանջանք էին մեզի՝ մոռցուեցան. մենք սկսանք Ֆէյրուզի երգերը անգիր ընել, սիրեցինք այդ լեզուն, սիրեցինք անոնց աղօթքները, անոնց նուիրումը սիրեցինք։

      Մէկ անուն մը, մեծ աշխարհներ կը բանայ, իսկ Ինկրիտը այն անուն է, որ միշտ մեր հետ է մնալու...։

 

 

 Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...