Մեր ընթերցողներէն Հրայր Տաղլեան կը գրէ,
Տարօրինակ նախազգացում մը կ'ունենամ ընթերցելով հիները: Կը սքանչանամ՝ տեսնելով անոնց այժմէականութիւնը, նոյնիսկ եթէ գրուած ըլլան աւելի քան դար մը առաջ: Ու Հայրենիքի ներկայ իրավիճակը տեսնելով չեմ կրնար չյիշել Խրիմեան Հայրիկի 1894 թուականին հրատարակած «Պապիկ Եւ Թոռնիկ» հատորի հետեւեալ տողը. «երբ հողն կորսնցնէք, ձեր կեանքն ալ հողին հետ կը կորսուի»: Եւ այսօր բոլորս Հայրենիքի հետ միատեղ մեր կենաց եւ մահու պայքարն է որ կը մղենք. պայքար որ մեզ կրնայ աւելիով դրդել ձուլման՝ մինչեւ իսկ կորուստի:
Եւ ինչքան այժմէական կը նկատեմ որ այսօր ամէ՛ն տեղ, դպրոցներուն, նախարարական եւ կամ պետական նիստերուն, եկեղեցիներուն, ակումբներուն մէջ բարձրաձայնուի Խրիմեան Հայրիկի հետեւեալ խօսքերը.-
«Այսպէս, Թոռնիկ, հողն պէտք է կենաց եւ մահու օր. սորա համար Պապիկն զքեզ հողին հետ կապեց ու պսակեց, որ պինդ գրկես զհողն. չթողուս որ ուրիշներ ձեռքէդ յափշտակեն, դու անհող մնաս, ստրուկ լինիս, երթաս ուրիշի դռներ վարձկան մշակ դառնաս, եւ էն ժամանակ ձեր վերա կատարուի պապկի կախարդ գուշակութիւն. եւ դու խելաբերելով յիշես, աւա՜ղ, ես տանուտէր էի, նահապետ Պապկէս խրատներուն մտիկ չարի, այժմ անառակ որդւոյն պէս` վարձկան մշակ եղայ, թողլով իմ ոչխարաց հօտ, ուրիշներու նախիր կարածեմ...» («Պապիկ Եւ Թոռնիկ» Մկրտիչ Խրիմեան, 1894):
Այսօր այդ թոռնիկը դուն ես, այդ թոռնիկը ես եմ եւ բոլո՛րս ենք եւ կամաց-կամաց կը կորսնցնենք մեր պապիկին՝ նախահայրերուն մեզի ժառանգած հողը՝ որ շահուած է արեան գնով: Մեր տանուտէրութիւնը արդէն իսկ կամաց կամաց կը վերածուի վարձկանութեան եւ մենք մերը տալով ուրիշին մեր իսկ հողերուն վրայ կը դառնանք «օտար»:
Խրիմեան Հայրիկ միայն մէկ տեղ չէ՛ որ կը խօսի հողի կորուստին համար, այլ գրեթէ՛ ամէն տողի մէջ կը շեշտէ այդ մէկը, ըսելով. «Իսկ եթէ հողն մեռնի, էն ժամանակ բոլոր Պապկի տանն ընտանիք ի միասին կը մեռնին» ու մենք հիմա արդէն կ'ուղղուինք դէպի մեր հայրենիքի գողգոթան:
Շահան Շահնուր, 1921ին հրատարակած իր «Նահանջը Առանց Երգի» աշխատութեան մէջ կը տրտնջէր ու կը դժգոհէր ըսելով. «Կը նահանջեն ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ, կը նահանջեն բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր: Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն: Եւ մենք դեռ կը նահանջենք բանիւ եւ գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ. մեղա՜յ, մեղա՜յ Արարատին»: Եթէ այսքան մեծ մեղա՜յ կը կարդացուի 92 տարիներ առաջ՝ ապա ինչքա՜ն աւելիով մեղա՜յ պէտք է կարդացուի Հայ Ազգի ներկայ վիճակին համար, որուն մեծ հաւանականութեամբ պիտի շարունակէ հոգեհանգստեան արարողութիւնը...:
Հարցը կարծուածէն շա՛տ աւելի վտանգաւոր է. հարցը Նիկոլական, Քոչարեանական, Իմ Քայլական կամ Դաշնակցական ըլլալու հարցը չէ՛, հարցը ի՛մ կամ քո՛ւ ղեկավարի պաշտօնին տիրանալն ու չտիրանալը չէ: Պաշտօնները, անունները, դիրքերը, պարգեւներն ու մրցանակները կ'անցնին ու կ'անհետին. միայն պատմութեան լա՛ւ ու վատ էջերն են որ յաւիտեան կը մնան: Մեր պայքարը հիմա Քոչարեանին, Նիկոլին, Ծառուկեանին կամ այլ անձերու «յաղթել»ը կամ «չյաղթել»ը չէ՛, այլ Հայրենիքը խաչելութեան տանելու կամ չի՛ տանելու պայքար է: Արդ, անձնական շահերէ մղուելով չ'առաջնորդուինք, այլ ըլլանք միակամ, որովհետեւ «Ամենայն թագաւորութիւն բաժանեալ յանձն` կործանի, եւ տուն բաժանեալ յանձն աւերի»։
Լոնտոնի մէջ հրատարակուած «Հնչակ» թերթը, իր 24 Սեպտեմբեր 1896 թիւի էջ 4-ին մէջ հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ Զէյթունի ապստամբութիւնը.- «Այս ամբողջ պատերազմի միջոցին թրքական զինուորները երբեք դուրս չի բերին իրենց գլուխները զուլաներու ծակերու ետեւէն. թէպէտ այս ծակերէն ալ քաջ Զէյթունցիները իրենց սուր նշանառութեամբ, այդ օր ալ ծակեցին մի քանի հարիւր զինուորներու ճակատները իրենց գնդակներով... »:
Նման եւ ա՛լ աւելի յաղթական լուրեր առնելու յոյսով պայքարինք մի՛ միայն Հայրենիքի փրկութեան համար, դարձեալ չերգելու համար «Անտունի...»:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել