Պուրճ Համուտի նոր քաղաքապետ ընտրուած է Մարտիկ Պօղոսեան: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ «Ազդակ» օրաթերթը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ մրցակից չունենալուն համար ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի ցանկը գլխաւորութեամբ Մարտիկ Պօղոսեանի յաղթանակ ապահոված է: Նշենք, որ Մէթնի (Լեռնալիբանան) քաղաքապետական ընտրութիւնները պիտի կայացուին յառաջիկայ կիրակի օր: