image
Հրատապ լուրեր:

Մարի Եարալեան Սուրիոյ Իրավիճակի Մասին Դասախօսութիւն Կարդաց Նիւ Եորքի Մէջ

Մարի Եարալեան Սուրիոյ Իրավիճակի Մասին Դասախօսութիւն Կարդաց Նիւ Եորքի Մէջ

Փետրուար 14, 2016-ին, Նիւ Եորքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ (White Plains) հոգաբարձութեան հրաւէրով, Մարի Մերտխանեան-Եարալեան ներկայացուցած է սուրիահայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ անդրադարձած՝ օժանդակութեան կարեւորութեան: Մարի Եարալեանի զեկոյցի սկիզբը, քարտէսի օգնութեամբ, պատերազմէն առաջ Սուրիոյ քաղաքներուն մէջ հայութեան ներկայութեան պատկերը ներկայացուցած է: Անդրադառնալով հալէպահայութեան կրթական, եկեղեցական, միութենական, մշակութային եւ մարզական աշխոյժ կեանքին, ան լուսանկարներու եւ հոլովակի միջոցաւ փորձած է նկարագրել համայնքի կրած վնասները եւ այսօր դիմագրաւած դժուարութիւնները: Կորուստներու իսկական պատկերը հասանելի դարձնելու համար Մ. Եարալեան անդրադարձած է Սուրիոյ եւ ԱՄՆի կեանքի որոշ տարբերութիւններուն, օրինակ բերելով այն պարագան, որ Սուրիոյ մէջ չկան կալուածներու պարտադիր ապահովագրութեան կամ խնայողութիւնները դրամատուներու մէջ պահելու սովորութիւնները, որոնք ԱՄՆի մէջ ընդհանրացած երեւոյթներ են: Լայնօրէն ներկայացուած են Սուրիահայութեան Օժանդակութեան եւ Վերականգնման Միացեալ շտաբի կազմի պատկերը, աշխատանքի մարզերը եւ զանոնք շարունակելու համար նիւթական օժանդակութեան կարեւորութիւնը: Հալէպահայութեան կենցաղային եւ այլ դժուարութիւններու պատկերը ներկայացնելով՝ Մարի Եարալեան ընդգծած է, որ նուազագոյն նիւթական օժանդակութիւնն անգամ կարեւոր է: Անգլիախօս ներկաներուն համար Տէր Գարեգին Աւագ Քհնյ. Գասպարեան մէջ ընդ մէջ կատարած թարգմանութիւններով յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցած է ներկայացուած թեմայի մասին: