Մարդու Իրաւունքներու միութեան ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ պայքարի յանձնաժողովը Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի օգնական Նուման Քուրթուլմուշին դէմ բողոք ներկայացուցած է: Այս մասին յայտնած է թրքական «demokrathaber.org» լրատուական կայքը:
Բողոքի պատճառ հանդիսացած է Դեկտեմբերի 3-ին Քասթամոնուի մէջ տեղի ունեցած «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութեան (ԱԶԿ) տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ Քուրթուլմուշի կատարած յայտարարութիւնը:
Յայտարարութեան մէջ ըսուած է. «Մեր պատկերացուցած թրքական իսլամութեան, մինչեւ այսօր եկած այս մեծ քաղաքակրթութեան ամենահիմնական յատկանիշներէն մէկը անհաւատն անհաւատ անուանելով անոր դիմաց կանգնիլ կարողանալն է: Մենք պէտք է լուրջ վերաբերինք մեր այս անկախութեան»:
Մարդու Իրաւունքներու միութեան ռասիզմի եւ խտրականութեան դէմ պայքարի յանձնաժողովը դիմած է Պոլսոյ գլխաւոր դատախազութիւն՝ պահանջելով հետաքննութիւն սկսիլ Քուրթուլմուշի այս յայտարութեան շուրջ:
Միութեան բողոքին համաձայն` Քուրթուլմուշի յայտարարութիւնը կը խրախուսէ Թուրքիոյ ոչ իսլամ բնակչութեան դէմ խտրականութիւնը, կը խթանէ հասարակութեան տարբեր հատուածներու տարանջատումը, իրար նկատմամբ ատելութիւնը եւ այդ բոլորի կողքին կը խախտէ մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը, Թուրքիոյ կողմէ ստորագրուած մարդու իրաւունքներու համաձայնագիրը, մարդու իրաւունքներու, խտրականութեան եւ կրօնքի ազատութեան հետ կապուած միջազգային պայմանագիրներու դրոյթները, որոնք Թուրքիոյ համար պարտադիր կատարման են: