image

ՄԱԿ-ը կը դատապարտէ Երուսաղէմի մէջ 4 իսրայէլցիներու սպանութիւնը

ՄԱԿ-ը կը դատապարտէ Երուսաղէմի մէջ 4 իսրայէլցիներու սպանութիւնը

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդը դատապարտած է Երուսաղէմի մէջ 8 յունուարին բեռնատարով յարձակում գործելու հետեւանքով 4 իսրայէլցիի սպանութիւնը: Աս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» գործակալութիւնը:

Անվտանգութեան Խորհուրդի հրապարակած յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Կը դատապարտենք կիրակի օր Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումը, որուն զոհ գացին 4 իսրայէլցի եւ 15 անձ վիրաւորուեցաւ»:

«Ահաբեկչական արարքը դատապարտելի է եւ որեւէ ժամանակ կամ որեւէ տեղ չի կրնար արդարացուիլ՝ անկախ  դրդապատճառներէն եւ զայն իրագործողի ինքնութենէն»,-շեշտուած է յայտարարութեան մէջ:

Անվտանգութեան Խորհուրդն իր յայտարարութեամբ կարեւորած է նաեւ նշուած ահաբեկչական գործողութեան կազմակերպիչները իրաւասու մարմիններուն յանձնելու անհրաժեշտութիւնը, միաժամանակ ցաւակցելով Իսրայէլի կառավարութեան ու զոհուածներու ընտանիքներուն եւ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն: