image

Մահմուտ Ապպաս. Ամերիկացի դեսպանը «շան որդի» է

Մահմուտ Ապպաս. Ամերիկացի դեսպանը «շան որդի» է

Պաղեստինի  նախագահ Մահմուտ Ապպաս, երկուշաբթի օր, Ռամալլայի մէջ Պաղեստինի ղեկավարութեան առջեւ արտասանած խօսքին մէջ, (հեռատեսիլային ուղիղ եթերի ժամանակ),   ծանր կերպով քննդատած է  Իսրայէլի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Ֆրիտմընը   եւ զինք  «շան որդի» անուանած: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ Ապպասի նման արտայայտութիւնը կապուած էր վերջինիս՝ Պաղեստինի մէջ հրէական բնակավայրերու կառուցման աջակցելուն եւ ըսելուն, որ «Իսրայէլացիները իրենց հողերուն վրայ կը կառուցեն այդ բնակավայրերը»:

Աղբիւրը կը յիշեցնէ, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Պաղեստինի միջեւ յարաբերութիւնները կտրուկ կերպով սրած են դեկտեմբեր 2018-ին, երբ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պաշտօնապէս յայտարարեց Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու մասին:

Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը, մեկնաբանելով Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահին խօսքը, յայտնեց. «Ապպաս զիս շան որդի կը կոչէ: Ասիկա հակասեմականութի՞ւն է, թէ՞ քաղաքական ճառ: Ոչինչ պիտի ըսեմ, եւ վճիռը պիտի ձգեմ ձեզի»: