image

Մահացած է Իրանի նախկին նախագահ Հաշէմի Ռաֆսանճանի

Մահացած է Իրանի նախկին նախագահ Հաշէմի Ռաֆսանճանի

Այսօր երեկոյեան Թեհրանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախկին նախագահ Այաթոլլա Հաշէմի Ռաֆսանճանի: Այս մասին լուրը փոխանցեց իրանեան «Իրնա» լրատուական գործակալութիւնը: Աղբիւրը հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց նախկին նախագահին կենսագրական գիծերը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ:

Երկրի քաղաքական կեանքին մէջ բաւական ազդեցիկ դեր ունեցած Ռֆսանճանի ծնած է 1934-ին  Իրանի Պահրմանի նահանգին մէջ: Աշակերտած ու հետեւած է ԻԻՀ-ի հիմնադիր՝ Իմամ Խոմայէնիի ուղիին, ինչպէս նաեւ աշակերտած Իմամ Մոհամմատ Հիւսէյն Թապաթապայիին:

1961-ին Ռաֆսանճանի մուտք կը գործէ քաղաքական ասպարէզ ու մինչեւ  1979 թուականի իրանեան յեղափոխութիւնը իր ըմբռնումներուն համար կը բանտարկուի  բազմաթիւ  անգամներ:  

Աւելի ուշ 1980-էն 1989 կը վարէ երկրի խորհրդարանի նախագահի պաշտօն:

Ապա երկու առիթներով կը ստանձնէ երկրի նախագահի պաշտօն (1989 եւ 1997):

Նախագահ Ռոհանիի ընտրութիւնէն ասդին Շէյխ Ռաֆսանճանի կը նշանակուի Իրանի Իսլամական հանրապետութեան քաղաքական խորհուրդի («Մասլաֆաթ թաշխիս ալ նիզամ») նախագահ:

Շէյխ Ռաֆսանճանի, իր անցած ուղիով եւ քաղաքական մօտեցումներով կը համարուէր երկրի բարենորոգչական շարժումի ամէնէն վառ  անհատականութիւններէն մին: