Յառաջիկայ Ուրբաթ, 19 Փետրուարին երեկոյեան ժամը տեղի պիտի ունենայ Ճոն Լուպոքի «Հարիւր Տարի Անց» վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը, որ առնչուած է Հայոց Ցեղասպանութեան Ժառանգութեան եւ ներկայացուած՝ Արա սարաֆեանի կողմէ:
Ֆիլմը, որ արդիւնքն է պատմաբան Արա Սարաֆեանի կողմէ ղեկավարուող «Կոմիտաս հիմնարկ»ի տարած աշխատանքին, չի խօսիր այն մասին, թէ ինչ բառով պէտք է բնորոշել մէկ ու կէս միլիոն մարդու սպաննութեան ոճիրը, այլ կը ներկայացնէ, թէ ինչպէս կարելի է հաշտեցման եզր ստեղծել թուրքերու, քիւրտերու եւ հայերու միջեւ, ոճիրի մը շուրջ, որու իրողութեան ճանաչումը շատերու կողմէ տակաւին կը մերժուի:
Ֆիլմը նկարահանուած է 2015-ի Ապրիլին եւ կը ներկայացնէ Հարաւ-արեւելեան Թուրքիոյ մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակը՝ 2015-ի ընտրութիւններէն առաջ, ինչպէս նաեւ PKK-ի ու թրքական պետութեան միջեւ բռնութիւններու եւ վայրագութեան շարունակութիւնը:
Նշենք, որ Լոս Անճելոսի այս ցուցադրութիւնը Ճոն Լուպոքի «Հարիւր Տարի Անց» ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւնն է:Ներկայացման աւարտին պատմաբան՝ Արա Սարաֆեան պիտի մասնակցի հարց-պատասխանին բաժնին:
Նշենք, որ Արա Սարաֆեանը արխիւային պատմաբան է, որ մասնագիտացած է Օսմանեան ուշ շրջանի եւ ժամանակակից հայոց պատմութեան նիւթերով: Անոր վերջին աշխատանքը ուղղուած է հայկական հարցին, Թուրքիոյ մէջ քաղաքացիական հասարակութեան եւ մասնագիտական խումբերու հետ կամուրջներ կառուցելու, յատկապէս կեդրոնանալով Պիթլիս եւ Տիարպէքիր շրջաններուն վրայ: