Ֆրանսան Թուրքիոյ մեղադրած է Լիպիա յարձակողական միջամտութեան եւ զէնքի մատակարարման արգելքի խախտման մէջ:
Ֆրանսիացի բարձրաստիճան պաշտօնեան յայտարարած է, որ Ֆրանսային կը մտահոգէ Թուրքիոյ յարձակողական եւ յամառ միջամտութիւնը, 7 թրքական նաւերու տեղակայումը լիպիական ափերու մօտ եւ զէնքի մատակարարման արգելքի խախտումը, գրած է Asharq Al-Awsat-ը:
Անոր խօսքով՝ Ֆրանսան չի քաշուիր մէկ կողմ, եթէ թուրքերը շարունակեն անընդունելի պահուածքն ու ՆԱԹՕ-ի շահագործումը:
Ան նաեւ նշած է, որ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը այս շաբաթ այդ հարցով բանակցութիւններ վարած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբի հետ եւ մօտ ժամանակներս կարծիքներ պիտի փոխանակէ ՆԱԹՕ-ի գործընկերներուն հետ:
Անցած շաբաթ թրքական ռազմանաւը ԵՄ նոր ռազմածովային առաքելութեան թոյլ չէ տուած ստուգել Լիպիոյ ափերու մօտ տեղակայուած բեռնանաւը: