Լիբանանցի աւագ զօրավար Շամէլ Ռուքոզ Լիբանանի ընկերութեան մէջ հայկական տարրի ներկայութեան անդրադառնալով, նշած է. «Մեր ընկերութեան մէջ 150 լիբանանահայու ներկայութիւնը մեզ շատ բան սորվեցուց»: Այս մասին կը գրէ «Ել-Նաշրա», շարունակելով, որ Ռուքոզ նշած է, թէ Լիբանանը հայութենէն սորված է, որ պարզութիւնը, ուս ուսի տալն ու ընկերութեան ծառայելը՝ պաշտօններ զբաղեցնելէն աւելի կարեւոր են: Զօրավարը առանձնպէս նշած է, որ հայերը ցոյց տուած են, որ պատկանելիութիւնն ու հաւատարմութիւնը մէկ հարցի երկու երերսակներ կրնան ըլլալ՝ հաւատարմիւթիւն Լիբանանին եւ պատկանելիութիւն՝ Հայկական հարցին: Անոր կարծիքով, հայերը փաստած են, որ միաձուլումը ինքնաուրացում չէ, օրէնք յարգելը պատուազրկում չէ, մշակոյթի, լեզուի եւ աւնդներու պահպանումը յետամնցութիւն չէ, այդ իսկ պատճառով բոլոր հայկական համայնքներուն մօտ կը գտնենք՝ եկեղեցի, դպրոց եւ ակումբ:
Իր խօսքին մէջ զօրավարը նաեւ նշած է, որ հայութեան կողմէ հայկական հարցի կառչածութիւնը կ'արտացոլէ աշխատանքի եւ ճշգրտութեան կառչածութիւն՝ արդիւնաբերական, առեւտրային, արհեստային եւ կրթական բոլոր ոլորտներէն ներս: Ան շեշտած է, որ քանիոր Լիբանանը բազմազանութեան երկիր է, պէտք է լիբանանեան պատմութեան գիրքերուն մէջ խօսուի հայոց ցեղասպանութեան մասին, որովհետեւ յիշողութիւնները շատ կարեւոր են պատմութիւն մշակելու համար եւ «հայոց պատմութիւնը դպրոց է՝ հայրենասիրութեան եւ շնորհքի»,- եզրափակած է Ռուքոզ: