image

Հորմուզի նեղուցին մէջ միջադէպ. Զոհուած է 5 մարդ

Հորմուզի  նեղուցին մէջ  միջադէպ. Զոհուած է  5 մարդ

Առնուազն հինգ մարդ զոհուած է Հորմուզի նեղուցին մէջ երկու բեռնատար նաւերու վրայ Ամերիկայի յարձակման հետեւանքով։ Այս մասին հաղորդած է իրանական Tasnim գործակալութիւնը՝ յղում կատարելով ռազմական շրջանակներու իր աղբիւրին։

Ըստ անոր տեղեկութիւններուն՝ քաղաքացիական բեռեր փոխադրող նաւերը Օմանի Խասապ նաւահանգիստէն կը մեկնէին դէպի Իրանի ափերը։ Միջադէպի մասին յայտնի դարձած է այն հաղորդագրութիւններու ստուգումէն ետք, թէ Ամերիկան խորտակած է իրանական քանի մը մոթորանաւակներ։

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Associated Press գործակալութիւնը, յղում կատարելով Ամերիկայի Զինուած ուժերու Կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար, ծովակալ Պրետ Քուփըրին, տեղեկացուցած էր, որ ամերիկեան ռազմական ուղղաթիռները Հորմուզի նեղուցին մէջ խորտակած են իրանական վեց փոքր մոթորանաւակներ։ Իրանը հերքած է այս պնդումները՝ յայտարարելով, որ Մայիս 4-ին Իրանի ռազմածովային ուժերու որեւէ լողամիջոց Ամերիկայի կողմէ չէ խորտակուած։