Լիբանանի Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան կոչ ուղղած է լիբանանահայութեան՝ աշխուժ կերպով մասնակցիլ վաղը Արցախին համար տեղի ունենալիք «Ռատիօթոն»ին: Նշենք, որ «Ռատիօթոն»ը կազմակերպուած է Հ.Յ.Դ.ի կողմէ եւ պիտի սփռուի Պէյրութի «Վանայ Ձայն»էն: Տ. Շահէ Սրբազան իր խօսքով մասնաւորապէս ըսած է. «Ի խնդիր մեր ժողովուրդի գերագոյն շահերուն, պարտինք համախմբուիլ եւ գիտակցօրէն կազմակերպել մեր հաւաքական կարողականութիւնը պահելու եւ պահպանելու համար բիւր բիւրաւորներու արեան հեղումով փրկուած հայրենի հողը: Եթէ այնտեղ Արցախի ճակատներուն վրայ հայ զինուորը իր քաջութեամբ կը պաշտպանէ մեր հայրենիքի սահմանը մենք, գէթ մեր լումայով ու մեր քաղաքական եւ հասարարակական կեցուածքներովը պարտինք ըլլալ հայ զինուորի կողքին եւ անոր տալ կեանքի ջերմութիւն եւ վստահութիւն: Արցախն ու արցախցին պէտք է զգան, որ ողջ հայութիւնը իրենց կողքին են, ներկայ իրենց տագնապներուն մէջ եւ մասնակից իրենց բոլոր նուաճումներուն ու վերելքի երթին: Այդ ոգիով ազատագրուեցաւ Արցախը եւ միասնական այդ ոգիով ալ պէտք է ապրի ու բարգաւաճի ան: Հետեւաբար, կոչ կ'ուղղենք ողջ լիբանանահայութեան, որ ի խնդիր մեր ազգային գերագոյն արժէքներուն եւ նպատակներուն ամէն մարդ իր կարողութեան չափով անպայմանօրէն մասնակցութիւն բերէ ի նպաստ Արցախի նուիրուած «Ռատիոթոն»ին: Եկէք անգամ մը եւս գործնականօրէն նուիրականացնենք եւ հայրենիքին հանդէպ մեր ունեցած հաւատարմութիւնն ու սէրը եւ թող, որ ամենաբարին Աստուած իր անամահական պարգեւներովը լեցընէ մեր հայրեանազերծ ժողովուրդին կամքը»: