image

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի խորհրդանիշ՝ «Պոսթա»ն՝ «աղքատներու տուն»

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի խորհրդանիշ՝ «Պոսթա»ն՝ «աղքատներու տուն»

Լիբանանցիները «Այն Ալ Ռըմաննէի Պոսթան» կը կապեն երկրին ապրած քաղաքացիական պատերազմին հետ: 13 ապրիլ, 1975-ին, «Փաղանգներ» զինեալ կուսակցութեան (քրիստոնեայ աջակողմեան) անդամներէն մի քանին յարձակած են 27 պաղեստինցիներ տեղափոխող փոքր հանրակառքի մը վրայ, եւ սպաննած բոլորին: 

Անատոլու կը գրէ. «Այն հանրակառքը կամ ինչպէս կը կոչեն լիբանանցիները «Պոսթան», որ արեան եւ պատերազմի խորհրդանիշ դարձած է,  40 տարիներ ետք, երկրի բարեսիրական կազմակերպութիւններէն մէկուն կողմէ վերածուած է խաղաղութեան եւ երջանկութեան խորհրդանիշի, վերանորոգած, կեանքի գոյներով զարդարած եւ անոր մէջ անվճար ճաշարան բացած է, որ օրական տասնեակներ կը հիւրընկալէ՝ բոլոր կրօնքներէն եւ ազգերէն»:

Արեւելեան Պէյրութի՝ «Երկնային երջանկութիւն միութիւն- ՀԿ»-ն՝ 100-է աւելի անձանձ անվճար ճաշի եւ ընթրիքի սպասարկումով, սիրոյ եւ ներումի պատմութիւն մը կը գրէ, պատերազմի եւ ատելութեան փոխարէն:

Ծրագրի պատասխանատու Անթօնի Ապու Զէտ, Անատոլուին յայտնած է, թէ ծրագրին նպատակն է՝ «վերացնել սովը, որ աւելի վտանգաւոր է, քան՝ պատերազմը, զէնքն ու ահաբեկչութիւնը: Պոսթան, որ դաժան պատերազմի խորհրդանիշ էր, այսօր սպիտակ Պոսթայի կը վերածուի վերացնելու համար սովը», -աւելցնելով , թէ ապագայ ծրագրեր կան շարժուն պոսթաներ հիմնելու, որոնք պիտի ուղղուին բոլոր լիբանանեան շրջանները, կերակրելու աղքատներն ու գաղթակայաններու սուրիացի եւ պաղեստինցի բնակիչները: 

Յայտնենք, որ «Պոսթա»ի ճաշարանին կողքին, տարեցներու յատուկ, անվճար ճաշարան մը եւս գոյութիւն ունի, որ կը պատկանի «Երկնային երջանկութիւն միութեան»:

Երկու ճաշարաններու ֆինսասաւորման մասին Ապու Զէտ յայտնեց, թէ «40 կամաւոր երիտասարդներ, որոնք մեծամասնութեամբ համալսարանականներ են, ժամը 4:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 11:00-ը, կը պատրաստեն ճաշերը, կը սպասարկեն ներկաները եւ կը մաքրեն ճաշարանները: Իսկ սննդամթերքն ու մնացեալ անհրաժեշտ իրերը կ՝ապահովուին նուիրատուներու կողմէ, կազմակերպութեան ընկերային ցանցերու էջերուն միջոցաւ»:

Նշենք, որ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը սկսած է 13 ապրիլ, 1975-ին եւ շարունակուած մինչեւ 13 Հոկտեմբեր, 1990-ը, իր ետին թողելով 150 հազար նահատակ, 300 հազար՝ վիրաւոր եւ հաշմանդամութիւն ստացած, 17 հազար՝ անյետացած, մէկ միլիոնէ աւելի՝ գաղթական եւ 100 միլիառը գերազանցող նիւթական վնասներ:  Պատերազմը վերջ գտաւ 1989-ին, Սէուտական Արաբիոյ մէջ կայացած լիբանանցի երեսփոխաններու «Թայէֆի» համաձայնագրով: