Լիբանանեան հաաստի աղբիւրներու փոխանցմամբ, կառավարութիւնը կազմելու աշխատանքները պարզեցուած կարգով պիտի անցնին, եւ ոչ մէկ քաղաքական խոչընդոտներ, այդ թուին՝ ամերիկեան պատժամիջոցները, պիտի խանգարեն նոր կառավարութիւնը կազմելու գործընթացը:
«Ալ Լիուաա» թերթին փոխանցմամբ, Լիբանանի բոլոր քաղաքական ուժերն այս պահուն դրական տրամադրուած են նոր կառավարութիւն կազմելու նկատմամբ, որուն համար առաւելագոյն ժամկէտը սահմանուած է երկու ամիսով:
Ըստ կանխագուշակութիւններու, յառաջիկային վարչապետը միօրեայ խորհրդակցական հանդիպում պիտի ունենայ խորհրդարանի անդամներուն հետ, որմէ ետք քանի մը այլ խորհրդակցական գաղտնի հանդիպումներ պիտի ունենայ, նախքան կառավարութեան կազմուիլը: